Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Հալէպը Արտաքին Աշխարհին Կապող Միակ Խանասէրի Ճանապարհը Փակ Կը Մնայ

Հալէպի մէջ երկու օրէ իվեր ելեկտրականութիւնը անջատուած է՝ ելեկտրամատակարարման կեդրոնի վնասուելուն հետեւանքով։ Ջուրը եւս անհասանելի է երկու օրէ ի վեր։ Հալէպը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհը՝ Խանասէրը ցարդ կը մնայ փակուած, որուն հետեւանքով վառելանիւթ եւ սննդամթերք չի հասնիր քաղաք: Հալէպ մտնելն ու քաղաքէն դուրս գալը անհնար է, «Եռագոյն»ին կը յայտնէ «Գանձասար»ի խմբագիր Զարմիկ Պողիկեան:

Սննդամթերքի սակագիները աստիճանաբար կը բարձրանան, վառելանիւթի տագնապին հետեւանքով ելեկտրականութիւն հայթայթող գործիքները (ամբերները) աւելի նուազ ժամերով ելեկտրականութիւն կը տրամադրեն բնակչութեան։ Սուրիական բանակը կ՛աշխատի ականազերծել ճանապարհը ու ետ մղել զինեալ խմբաւորումները, որոնք օրեր առաջ թափանցած էին Խանասէրի կարգ մը շրջաններն ու ականապատած ճանապարհը։

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին