Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ աշխատանքային այցով մեկնեցաւ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն` մասնակցելու Ուէսթմինսթըրի աբբայարանին մէջ Հոկտեմբեր 28-ին կայանալիք՝ 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան նոր սրբադասուած նահատակներու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչման արարողութեան: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:
Լոնտոնի եպիսկոպոս Ռիչըրտ Չարթրէսի հետ արարողութիւնը պիտի հանդիսապետէ՝ Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: