Երէկ առաւօտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի պարտէզին մէջ` Հոկտեմբեր 27-ի զոհերու յիշատակին կառուցուած յուշակոթողին մօտ պատգամաւորները, ինչպէս նաեւ զոհուած գործիչներուն հարազատները յարգանքի տուրք մատուցեցին` ոճրագործութեան հետեւանքով զոհուած քաղաքական գործիչներուն յիշատակին, ծաղիկներ դնելով յուշակոթողին:
Յիշատակի արարողութեան կը մասնակցէին 16 տարի առաջ մահացած գործիչներուն հարազատները` նաեւ Վազգէն Սարգսեանի եղբայր Արմէն Սարգսեանը, Արմենակ Արմէնակեանի կինը` Արմինէ Արմենակեանը:
1999 թուականի Հոկտեմբեր 27-ին Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ, կառավարութեան հետ հարց ու պատասխանի ժամանակ դահլիճ ներխուժած զինուած 5 ոճրագործներու գնդակէն սպաննուած էին՝ ՀՀ վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը, ԱԺ նախագահ Կարէն Տեմիրճեանը, ԱԺ փոխխօսնակներ Եուրի Բախշեանը եւ Ռուբէն Միրոյեանը, Լէոնարտ Պետրոսեանը, պատգամաւորներ Արմենակ Արմենակեանը, Հենրիկ Աբրահամեանը եւ Միքայէլ Քոթանեանը
Ահաբեկիչներուն նկատմամբ դատավարութիւնը տեւեց 2001-2003 թուականները: Ահաբեկիչները՝ ղեկավար Նայիրի Յունանեանը, անոր եղբայր Կարէն Յունանեանը, անոր քեռին` Վռամ Գալստեանը, Դերենիկ Բեճանեանը, Էտիկ Գրիգորեանը եւ Աշոտ Կնեազեանը դատապարտուեցան ցմահ ազատազրկման: Համլէթ Ստեփանեանը դատապարտուեցաւ 14 տարուան ազատազրկման: