22 Հոկտեմբերին Օքսֆորտի համալսարանի Պոտլիան գրադարանին մէջ բացուած է՝ «Հայաստան. յարատեւող մշակոյթի գանձերը» խորագիրով բացառիկ ցուցահանդէսը, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին: Ձեռնարկը կազմակերպուած է բրիտանահայ բարերար Ռաֆֆի Մանուկեանի նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ` Մեծ Բրիտանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգսեանի եւ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի աջակցութեամբ: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:
Բացման արարողութեան ելոյթներով հանդէս եկած են ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգսեան, Պոտլիանի գլխաւոր գրադարանավար Ռիչըրտ Օւերտին եւ Օքսֆորտի համալսարանի Հայագիտութեան ամպիոնի տնօրէն, յայտնի հայագէտ փրոֆէսոր Թէօ վան Լինդ:
Պաշտօնական բաժնին յաջորդած է յայտնի ջութակահար Լեւոն Չիլինկիրեանի կողմէ Նարեկացիի, Սայեաթ Նովայի եւ Կոմիտասի գործերէն կատարումը:
Ցուցադրութեան համակարգողներն են փրոֆէսոր Թէօ վան Լինդ եւ Պոտլիանի գրադարանավար Ռոպին Մեյերը: Յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին` ցուցահանդէսի կազմակերպիչներուն նպատակն է այցելուներուն ցոյց տալ հայ ժողովուրդի բազմադարեայ մշակութային ձեռքբերումները` հարուստ կրօնական եւ գրական կոթողներէն մինչեւ աշխարհասփիւռ հայկական համայնքներու ձգած ժառանգութիւնը: Ցուցանմուշներ հաւաքուած են Մանչեսթըրի եւ Լոնտոնի համայնքներէն, որոնք անհատական պատմութիւններու հիման վրայ կը նկարագրեն Ցեղասպանութեան արհաւիրքը վերապրած ու Մեծ Բրիտանիոյ մէջ հաստատուած հայերուն կենցաղը, մշակութային եւ կրօնական կեանքը:
Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ Փետրուար 2016: Ցուցահանդէսին զուգահեռ պիտի կազմակերպուին դասախօսութիւններ, քննարկումներ եւ համերգներ:
2015-ը նաեւ յիշարժան տարի է Օքսֆորտ համալսարանին համար, քանի որ կը նշուի ազգային մեծ բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի նուիրատուութեամբ հոն բացուած հայագիտական կեդրոնին 50ամեակը: