Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

«Ազրպէյճանը Կը Շարունակէ Խախտել Միջազգային Իրաւունքի Չափանիշերը եւ Ստանձնած Պարտաւորութիւնները». Սերժ Սարգսեան

Ազրպէյճանը կը շարունակէ մերժել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու առաջարկները եւ պարբերաբար կը խախտէ հրադադարի պայմանագիրը, որ կը յանգեցնէ զոհերու` նաեւ խաղաղ բնակչութեան մէջ:

Այս մասին ըստ Armenpress.am-ի, ՄԳԻՄՕ-ի՝ Միջազգային յարաբերութիւններու Մոսկուայի պետական ուսումնարանի 3րդ միջազգային ֆորումի ժամանակ, իր ելոյթին մէջ ըսած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան:

«Բոլորովին վերջերս Ազրպէյճանը կոպտօրէն խախտում էր հրադադարը հայ-ազրպէյճանական սահմանին եւ ղարաբաղա-ազրպէյճանական շփման գծում` օգտագործելով ծանր զինատեսակներ: Ազրպէյճանը շարունակում է խախտել միջազգային իրաւունքի  բոլոր նորմերը եւ  ստանձնած պարտաւորութիւնները հակամարտութեան կարգաւորմանը հասնելու ճանապարհին», նշած է նախագահ Սարգսեան:

ՀՀ նախագահը նշած է, որ Ազրպէյճանը իր ապակառուցողական քայլերը արդարացնելու համար, պարբերաբար յղում կը կատարէ հակամարտութեան կարգաւորման ՄԱԿի անվտանգութեան 4 բանաձեւերուն, սակայն առաջինը ինք կը խախտէ այդ բանաձեւերը: «Այդ 4 բանաձեւերից ամենակարեւորը ռազմական գործողութիւնների անյապաղ դադարեցումն է, Մինսքի խմբի շրջանակներում հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումն է, իսկ Ազրպէյճանը ցոյց է տուել, որ ընդունակ չէ դրան: Հետեւաբար հենց Ազրպէյճանն է խախտում այդ բանաձեւերը», ընդգծած է նախագահը:

Եզրափակելով ելոյթը ՀՀ նախագահը վերահաստատած է Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու հարցով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին