Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

Տապլինի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Տիգրան Համասեանի Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ Տարելիցին Նուիրուած Համերգը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Տապլինի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Օհան Երկայնհարսեանի հովանաւորութեամբ՝ 17 Հոկտեմբերին Տապլինի Քրիստոսի տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Տիգրան Համասեանի եւ Երեւանի պետական քամերային երգչախումբի «Լոյս ի լոյսոյ» համերգը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:

Համերգին ներկայ էին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Միացեալ Թագաւորութեան եւ Իրլանտայի թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեանը, Տապլինի արքեպիսկոպոս Միքայէլ Ճաքսընը, Իրլանտայի խորհրդարանի անդամներ եւ այլ պաշտօնատար անձինք:

Ներկաներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Տապլինի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Օհան Երկայնհարսեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին