Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Հայաստան Հաստատուած Սուրիահայերու Հիմնական Խնդիրները Ապրելու Տեղ Եւ Աշխատանք Ունենալն Է

Առաջին խնդիրը, որ սուրիահայերը կ՛ունենան Հայաստան գալու սկիզբէն կեցութեան հարցն է, որմէ ետք աշխատանքը: Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր անդամ Պերճ Քիրազեանը` նշելով, որ բացի վերոնշեալներէն սուրիահայերը ունին նաեւ յարմարուելու խնդիր:

«Մարդիկ չեն եկած մեծ գումարներով, որ կարենան շուտով բնակութեան հարցը լուծել: Անոնք չեն վաճառած իրենց բնակարանները կամ գործատեղին, որ կարենան իրենց գործը սկսիլ այստեղ: Մեծամասնութիւնը առանց մեծ միջոցներու հարկադրաբար եկած է: Ի հարկէ բնակարանի խնդիրը ամբողջ աշխարհի մէջ ամենակարեւորն է, թէեւ ընդհանուր առմամբ աջակցութիւն կը տրուի պետութեան եւ տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ, բայց բոլորին հասնիլ ու բոլորին գոհ ձգել հնարաւոր չէ», ըսած է ան:

Ինչ կը վերաբերի երկրորդ խնդիրին` աշխատանքին, Պերճ Քիրազեան նշած է, որ սուրիահայերը հիմնականօրէն զբաղած են արհեստով` ոսկերչութիւն, մեքենաներու վերանորոգում, խոհարարութիւն եւ այլն: Անոնք որոնք կրցած են իրենց արհեստին համապատասխան աշխատանք գտնել, կ՛աշխատին ու յաջողութիւն ունին, իսկ անոնք որոնք չեն կրցած, որեւէ աշխատանք կ՛ընեն:

«Ուսման հարցը դիւրին է, որովհետեւ յատուկ դպրոցներ կամ դասարաններ բացուեցան, ուսուցիչներ ընդունուեցան, որոնք կ՛օգնեն երախաներուն աւելի արագ յարմարուելու:

Վարձավճարներու հարցով եւս աջակցութիւն կայ, բոլորը կը շարունակեն իրենց ուսումը, ի հարկէ համակարգին ծանօթանալու խնդիր կայ, բայց անոնք արագ յաղթահարելի են», ըսած է ան:

Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեանն ալ տեղեկացուցած է, որ վերջին երեք տարիներուն Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած են աւելի քան 21 հազար քաղաքացիներ, որոնցմէ աւելի քան 16 հազարը այժմ կը բնակի Հայաստանի մէջ:

«Այս տարիներու ընթացքին 4000 հայեր ետ վերադարձած են Սուրիա, անոնց մեծ մասը Հայաստան ժամանած էր 2012ի ամրան ու աշնան, երբ պատերազմը նոր սկսած էր ու իրենք կը սպասէին, թէ ինչ պիտի ըլլայ: Իսկ աւելի քան 1000 սուրիահայեր ալ Հայաստանէն մեկնած են այլ երկիրներ», ըսած է ան:

Սուրիայէն Հայաստան ժամանած քրիստոնեայ արաբներու եւ ասորիներու թիւն ալ, ըստ պետական պաշտօնեային չի գերազանցեր 100ը: Անոնք հիմնականօրէն հայկական ընտանիքի կամ հայրն են կամ մայրը եւ անոնց նկատմամբ պետութեան վերաբերմունքը չի տարանջատուիր միւս սուրիահայերէն:

Ֆիրտուս Զաքարեան նշած է, որ Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերու հիմնական մասը` 97-98%ը, կը բնակին Երեւանի մէջ, ի դէպ մեծ մասը կեդրոնի հատուածներուն մէջ: «Մենք բազմաթիւ փորձեր ըրած ենք զանոնք Երեւանի կեդրոնէն քիչ մը հեռու տեղափոխելու, բայց իրենք չեն ցանկար եւ կ՛ուզեն բնակիլ միմիայն Երեւանի մէջ», ըսած է ան:

Ինչ կը վերաբերի կեցութեան խնդիրներուն, ապա Ֆիրտուս Զաքարեան նշած, որ նախարարութիւնը նախաձեռնած է, որպէսզի տրուին կարիքաւոր ընտանիքներու բնակարանի վարձերը` շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ:

«2012ին Հայաստան տեղափոխուածներու կեցութեան խնդիրները կը լուծէր գաղթականներու պետական ծառայութիւնը, բացի այդ մենք ունէինք բարերարներ, որոնք պատրաստակամ էին իրենց բնակարաններուն մէջ հիւրընկալելու սուրիահայերը: Մնացածը իրենք եկած են ու բնակարան վարձած: Ինչ կը վերաբերի նոր եկողներուն, ապա դարձեալ տարբեր կազմակերպութիւններ այս հարցով կ՛աջակցին ու անընդհատ կը փոխուին ընտանիքները: Ամէն ամիս 600 ընտանիք տարբեր կառոյցներու միջոցով կ՛օգտուի բնակարանի վարձքերու հնարաւորութենէն: Կ՛օգնեն այնքան ժամանակ, մինչեւ ընտանիքի անդամները ձեռք բերեն աշխատանք եւ կարենան ինքնուրոյն հոգալ իրենց ընտանիքի ծախսերը», ըսած է ան:

Կան նաեւ այնպիսի սուրիահայեր, որոնք կ՛ապրին տարբեր մարդոց կողմէ գնուած, սակայն չբնակուած բնակարաններու մէջ, մինչեւ որ կարենան գնել սեփականը:

Այն հարցումին, թէ ընդհանուր առմամբ ի՞նչ աջակցութիւն կը տրուի սուրիահայերուն Հայաստանի կառավարութեան կողմէ, Ֆիրտուս Զաքարեան նշած է, որ գործադիրը ոչ թէ անմիջական գումար կը փոխանցէ, այլ կը ֆինանսաւորէ շարք մը ծառայութիւններ:

«Մասնաւորաբար բոլոր սուրիահայերու առողջապահական սպասարկումը անվճար տեղի կ՛ունենայ եւ երեք տարիներու ընթացքին 3000 սուրիահայ դիմած է ու անվճար ստացած է բուժօգնութիւն, իսկ առաւել թանկ վիրահատութիւնները մասնակի ֆինանսաւորուած են:

Ուսանողներու վարձավճարի 75%ը կը փոխհատուցուի, մեքենայով Հայաստան եկածները մաքսավճար չեն մուծեր, շատ արագ կը տրուի հայկական վարորդական իրաւունք եւ այլն», ըսած է Ֆիրտուս Զաքարեան ընդգծելով, որ շատ այլ օգնութիւններու մասին չեն ալ յայտներ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին