Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մեծն Նիւ Եորքի Նորակազմ Վարչութիւնը Կը Ծրագրէ Նոր Թափ Տալ Մշակութային Կեանքին

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հայրենիք-Սփիւռք
կապի զօրացման, նոր սերունդի դաստիարակութեան,
մշակութային արժէքներու պահպանման ու տարածման
ի նպաստ տարած աշխատանքները եղած են արդիւնաւոր
եւ գնահատանքի արժանի:
Թորգոմ Արք. Մանուկեան   

Մօտ կէս դարու պատկառելի իր գործունէութեամբ ԹՄՄի Մեծագոյն Նիւ Եորքի մասնաճիւղը իր գրական, մշակութային եւ թատերական որակաւոր յայտագիրներով,  անկասկած այս մեծ ոստանէն ներս ունի առաջնահերթ իր տեղը եւ այլեւս անոր գործունէութիւնը փառաւոր կերպով արձանագրուած պիտի մնայ, այլապէս հարուստ նիւ եորքահայութեան տարեգրութեան էջերուն մէջ:  Թէքէեանի գործունէութիւնը ինչպէս աշխարհատարած այլ համայնքներէ ներս, այնպէս ալ հոս դարձած է հոմանիշ ամէն յաջողութեան, որակի ու բարձրութեան:

Հայրենիք-Սփիւռք բարի յարաբերութիւնները դեռ 1950ական թուականներէն գաղթահայութիւնը կապած է Մայր Հայրենիքի նուաճումներուն եւ հպարտ պահած անոր մշակութային ձեռքբերումները:  Թէքէեանը դարձաւ ա՛յն կազմակերպութիւնը, որ հակառակ իր դէմ ցցուած քաղաքական արգելքներուն, հայրենասէր մեր ժողովուրդին ազգային երազները մնայուն կերպով սեւեռեց դէպի Հայրենիք ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:

Ու աւելի քան ինքնավստահ, Ցեղասպանութեան դարադարձէն ետք, ահա՛ դարձեալ վերանորոգուած ուխտով թէքէեանականները կը վերակազմեն իրենց կառոյցը ու ծրագիրները՝ առաւել եւս հասնելու համար ամերիկահայ մեր նոր սերունդին, շարունակելու անցեալէն եկած բարի աւանդը՝ ամրօրէն կապելու զայն մեր մշակութային արժէքներուն, մեր աւանդութիւններուն եւ մեր ազգային ու հայրենական նոր նուաճումներուն:

1969ին ծնունդ առաւ ԹՄՄի Նիւ Եորքի մասնաճիւղը նախաձեռնութեամբ ազգային մեծանուն հասարակական գործիչ, խմբագիր ու տեսաբան Անդրանիկ Լ. Փոլատեանի ջանքերուն:  Անդրանիկ վարչութիւնը կազմուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ ատենապետութեամբ՝ դարձեալ ամերիկահայ կարկառուն գործիչ ու գրող Սուրէն Մանուէլեանի ատենապետութեամբ:  Այնուհետեւ 1972ին շնորհիւ Դոկտ. Գրիգոր Մագսուտեանի, այդ գործը շարունակուեցաւ մինչեւ 1975, երբ ատենապետութեան եկաւ ուրիշ յարգելի գրող մը՝ Տիկին Լիւսի Փիլիկեան մինչեւ 1979:  Յակոբ Վարդիվառեան հաւատաւոր երիտասարդական նոր խումբով մը ստանձնեց ատենապետի պաշտօնը մինչեւ 1982, եւ այնուհետեւ մասնաճիւղին ատենապետութիւնը յաջորդաբար յանձնուեցաւ Արա Պապայեանի, Ներսէս Ինկիլիզեանի, Միսաք Պօղոսեանի, Նորայր Մկրտիչեանի եւ դարձեալ Յակոբ Վարդիվառեանի:

Վերջերս նոր էջ մը կը բացուի Նիւ Եորքի մասնաճիւղի կեանքէն ներս.  յաջողած նոր սերունդ մը կը ստանձնէ վարչական պատասխանատուութիւնները այս մեծ մասնաճիւղին:

Նոր կազմը կը բաղկանայ.  Տիկին Հիլտա Յարութիւնեան՝ ատենապետուհի, Տիկին Տիանա Մխիթարեան՝ փոխ ատենապետուհի, Օրիորդ Թալին Պապայեան՝ ատենադպրուհի, Պրն. Պարգեւ Գալայճեան՝ գանձապահ, անդամներ՝ Տիկիններ Գարմէն Կիւլպէնկեան, Հելէն Միսք, Անի Յովհաննէսեան, Մարի Զօքեան, Պարոններ՝ Վարդան Իլանճեան, Տիրան Ճէպէճեան, Ճէրի Միսք եւ Յարութ Չաթմաճեան: Իսկ նախկին ատենապետ Պրն. Յակոբ Վարդիվառեան կ’ընտրուի Պատուոյ Ատենապետը մասնաճիւղին:

Տիկին Հիլտա Յարութիւնեան ծնած է Պէյրութ եւ պատանի տարիքէն մաս կազմած է ՀԲԸՄ-ՀԵԸի արենուշական շարժումին, եղած է ԹՄՄ Ուսանողաց յանձնախումբի ատենապետուհին եւ եռուն գործունէութիւն ցուցաբերած՝ ՌԱԿի Փորթուգալեան Երիտասարդական ակումբէն ներս:  Միացեալ Նահանգներ հաստատուելով մաս կազմած է «Շուշի» պարախումբի եւ ՀԲԸՄի Նիւ Եորքի մշակութային յանձնախումբերուն:  Ապրիլ 24ի տարեդարձերուն երկու անգամ «Թայմզ» հրապարակի վրայ փոխանցած է ՌԱԿի պատգամը:  Ան զաւակն է Գրիգոր Քիւրեճեանի, որ երկար տարիներ մաս կազմած է ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, եւ հարսը Կարօ Յարութիւնեանի՝ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմինի տարիներու անդամին:  Ամուսնացած է Սարոյին հետ եւ մայր՝ Նայիրիի, Նանորի եւ Արամի:

Նորակազմ վարչութեան մասնաւոր ուշադրութեան արժանի պիտի ըլլան անկասկած՝ մշակութային կապերը Հայաստանի հետ, նկարչական ցուցահանդէսներ, գրական երեկոներ, համերգներ, երգահանդէսներ ու նուագահանդէսներ իրենց բարձրորակ յայտագիրներով:  Ծրագրուած է ունենալ մասնաճիւղին կայքէջը:

Մասնաճիւղը պիտի շարուանկէ իր սերտ յարաբերութիւնները պահել եւ գործակցիլ՝ Թէքէեանի առաքելութեան հաւատացող ու մեզի բարեկամ զանազան միութիւններու հետ, կազմակերպելով համագաղութային զանազան ձեռնարկութիւններ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին