Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Դիրքապահներու Ուղղութեամբ Գիշերը Կրկին Կրակուած Է Ականանետերէ

Ղարաբաղա-­ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ 15 Հոկտեմբերին եւ լոյս 16-ի գիշերը, հակառակորդի կողմէ հրադադարը խախտած է մօտ 120 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 60 (6 արկ) եւ 82 մմ.-­ոց ականանետերէ (14 արկ), հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 2600 կրակոց: Առաւել բուռն խախտումներ արձանագրուած են ղարաբաղա-­ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հարաւային ուղղութեամբ:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը, պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը կը տիրապետեն իրադրութեան առաջնագծին վրայ եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին