Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) միջեւ նոր համաձայնագիր ստորագրելու շուրջ բանակցութիւնները պիտի սկսին մինչեւ տարեվերջ: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ այս մասին կը նշուի Եւրոպական Միութեան պաշտօնական կայքին մէջ:
Հոկտեմբեր 12-ին Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդը հրամանագիր ստորագրած է՝ Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ նոր համաձայնագիր ստորագրելու շուրջ բանակցութիւններու մեկնարկի համար: Նոր համաձայնագիրը կը փոխարինէ այժմ գործող Հայաստան-ԵՄ Գործընկերութեան եւ համագործակցութեան համաձայնագիրին: «ԵՄ-ն յանձնառու է Արեւելեան գործընկերութեան ծիրէն ներս Հայաստանի հետ շարունակաբար զարգացնելու եւ ամրապնդելու համապարփակ համագործակցութիւն` համատեղ կարեւորութեան բոլոր ոլորտներու մէջ», կ՛ըսուի կայքին մէջ:
Արեւելեան գործընկերութեան Ռիկայի գագաթաժողովի ընթացքին, 2015 թուականի Մայիս 22-ին` Եւրոպական Միութիւնը եւ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրները հանդէս եկած էին համատեղ յայտարարութեամբ, որ կ՛ողջունէ ԵՄ-ի եւ Հայաստանի միջեւ նոր համաձայնագիր կնքելու վերաբերեալ փոխհամաձայնութիւնը: