Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ Տարելիցին Նուիրուած Համերգ Պոսթոնի Մէջ

«Արմէնփրես»ը զրուցած է դաշնակահարուհի Նարէ Արղամանեանի հետ գործիքի, ծրագիրներու, Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած համերգներու եւ այլ հարցերու շուրջ: Երաժիշտը մասնաւորաբար նշած է, որ 18 Հոկտեմբերին պիտի նուագէ Պոսթոնի մէջ` ֆիլհարմոնիք նուագախումբի հետ, Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած համերգին, ուր պիտի կատարէ Շոստաքովիչի առաջին քոնսերթը, իսկ երկրորդ մասին մէջ պիտի հնչէ Տիգրան Մանսուրեանի “Ռեքվիեմ”ը, որ ներկայ պիտի գտնուի այդ համերգին:

Դեկտեմբերին ծրագրուած է մէկ համերգ Գերմանիոյ մէջ:

Դաշնակահարուհի Նարէ Արղամանեանը ծնած է 1989ին եւ սկսած դաշնամուր նուագել 5 տարեկանին: Կրթութիւն ստացած է Երեւանի Չայքովսքիի անուան երաժշտական դպրոցը: 2004ին՝ 15 տարեկանին դարձած է Վիեննայի երաժշտութեան եւ արուեստներու համալսարանի ամենաերիտասարդ սաներէն մէկը:  Հանդէս եկած է բազմաթիւ յայտնի նուագախումբերու հետ, շարք մը մրցոյթներու դափնեկիր է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին