Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

Ֆրանսուա Օլանտ Կոչ Ուղղեց Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանային Դէպքերուն Վերջ Տալու

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ շահագրգիռ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց՝ վերջ տալու հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցող միջադէպերուն: ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի աշխատանքներու ծիրին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Օլանտ նշեց, որ իրենք մաս կը կազմեն ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակին, ուստի պատասխանատուութիւն կը զգան ղարաբաղեան զարգացումներուն ուղղութեամբ: «Մենք բոլոր կողմերէն կը խնդրենք վերջ տալ սահմանային խախտումներուն: Մենք աշխատանք կը տանինք մեր միջնորդութիւնը շարունակելու համար: Վերջերս ես Հայաստան եւ Ազրպէյճան այցելելի նոյն հարցին մասին խօսելու համար», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին