Երեքշաբթի, 10. 09. 2024

spot_img

Հրատարակութեան խնդրանքով – Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն ներս – Միացեալ Նահանգաց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Բարի Գալուստ Մաղթեց Հռոմի Պապին

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
26 Սեպտեմբեր 2015
Նիւ Եորք, Ն.Ե.

Այս շաբաթ ամբողջ աշխարհի աչքը կեդրոնացած էր Ամերիկայի հիւսիս-արեւելեան շրջանին վրայ՝ երբ Հռոմի Ֆրանցիսկոս Պապը առաջին անգամ ըլլալով պիտի այցելէր Միացեալ Նահանգներ: Միլիոնաւոր մարդոց կարգին, որոնք դիմաւորեցին Պապը Ֆիլատելֆիոյ, Ուաշինկթըն Տի. Սի.ի եւ Նիւ Եորքի մէջ, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ անդամները ամէն ջանք ի գործ դրին՝ ազգային իւրայատուկ ջերմութեամբ եւ խանդաղատանքով Պապին բարի գալուստ մաղթելու համար:

Սեպտեմբեր 25, Ուրբաթ առաւօտ, Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան մասնակցեցաւ Պապի աղօթքի արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ այն վայրը, ուր 11 Սեպտեմբեր 2001ին ահաբեկիչներու գրոհին զոհ գացած էին մօտ 3000 անմեղ հոգիներ: Արարողութենէն ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առիթը ունեցաւ, Ամերիկայի Հայց. Եկեղեցւոյ անունով անձնապէս ողջունելու Հռոմի Պապը:

Նոյն օրը կէսօրէ ետք, «Մատիսըն Սքուէր Կարտըն»ի մէջ Պապին մատուցած Ս. Պատարագին՝ Նիւ Եորքի Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ մասնաւոր հրաւէրով ներկայ գտնուեցաւ Սրբազան Հայրը, որ մէկն էր ոչ-կաղթողիկէ կրօնական ղեկավարներէն, միւսը Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տիմիթրիոս Արքեպիսկոպոսը:

Խաժակ Արքեպիսկոպոս իր հովուական առաքելութեան ընթացքին, նոյնիսկ Վատիկանի Պապական Արեւելեան Հիմնարկի մէջ իր ուսանողութեան շրջանին, բարեկամական յարաբերութիւն ունեցած է Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ: Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ ընտրուելէ ետք՝ մօտիկ գործակցութիւն ունեցած է Նիւ Եորքի Արքեպիսկոպոսներ Կարտինալ ՕÿԳանըրի, Կարտինալ Իկընի եւ Կարտինալ Տոլընի հետ, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի զանազան քաղաքներու Կաթողիկէ Եկեղեցիներու ղեկավարներուն հետ:

Ան մեծ աշխատանք տարած է նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Վատիկանի սերտ յարաբերութիւններուն ի նպաստ: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսներ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա.ի եւ Գարեգին Ա.ի շրջանին կարեւոր դեր կատարած է՝ որպէսզի Հայ Եկեղեցւոյ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ղեկավարները պարբերական հանդիպումներ ունենան իրարու հետ: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.՝ Խաժակ Արքեպիսկոպոսը նշանակած է Վատիկանի մօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչ: Այդ շրջանին է, որ Սրբազան Հօր կարգադրութեամբ՝ 2001 թուականին Հռոմի Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը Հայաստան այցելեց, եւ 2015ին Վատիկանի մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը:

Ամբողջ աշխարհի հայերը խոր յուզումով հետեւեցան տարւոյս Ապրիլ 12ին, Վատիկանի Ս. Պետրոս Մայր Տաճարին մէջ Ֆրանցիսկոս Պապի Ս. Պատարագին՝ ի յիշատակ 1915 թուականի Մեծ Եղեռնի մէկ ու կէս միլիոն Հայ նահատակներուն: Այս հոգեպարար արարողութեան կը մասնակցէին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին. Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա., Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Ն.Վ. Տիար Սերժ Սարգսեան, ինչպէս նաեւ Հայ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան եկեղեցականներ, զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ թիւով անձնաւորութիւններ, որոնք եկած էին միասնական ոգիով յարգելու Հայ նահատակներուն յիշատակը:

Այս կապակցութեամբ Խաժակ Արքեպիսկոպոս ըսաւ. «Ֆրանցիսկոս Պապի հրապարակային յայտարարութիւնը շատ ազդու հաստատում մըն էր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման: Պապը յիշեց նաեւ իր նախորդին՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի բարոյական խոր զգացումները Ցեղասպանութեան մասին: Հռոմի Պապին այս յայտարարութիւնը կարծէք բացաւ դուռը բոլոր ազգերուն եւ անհատներուն դիմաց՝ արտայայտուելու եւ մանաւանդ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար: Կարծէք անոնք կը սպասէին որպէսզի լռութիւնը բեկանուի, եւ Պապին անկեղծ խօսքերը անոնց արտօնութիւն տուին իրենց զգացումները յայտարարելու: Հայերուս համար խորապէս յուզիչ եւ անմոռանալի երեւոյթ էր տեսնել, որ մեր եկեղեցւոյ ղեկավարները՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա., Հռոմի Նորին Սրբութիւն Ֆրանցիսկոս Պապին հետ միասնաբար կÿաղօթէին՝ մեր բիւրաւոր նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար:»

Հռոմի Պապին Միացեալ Նահանգներ այս այցելութեան առթիւ, քաղաքի ամենաընդարձակ շրջագայութիւն ունեցող Catholic New York լրագիրի վերջին թիւին մէջ, Արեւելեան Թեմը ամբողջ էջ մը ապահոված էր որպէս ծանուցում, շնորհակալութիւն յայտնելու Հռոմի Պապին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման իր զօրակցութեան համար: Նոյնպիսի զգացում մը արտայայտուած է Ֆիլատելֆիոյ Հայ համայնքին կողմէ, որուն անդամներուն օժանդակութեամբ քաղաքի ամենաբանուկ շրջանին մէջ, բարձրադիր ծանուցումի ցուցատախտակին վրայ եւ Philadelphia Inquirer-ի մէջ բարի գալուստ մաղթած են Նորին Սրբութիւն Պապին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին