Երեքշաբթի, 10. 09. 2024

spot_img

Ցեղասպանութեան 100րդ Տարելիցին Առիթով Ժընեւի Մէջ Դասական Համերգ Պիտի Կայանայ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին առիթով, Աւետիս զուիցերա-հայկական մշակութային ընկերակցութիւնը, Հոկտեմբեր 10ին Ժընեւի մէջ կը կազմակերպէ համերգ մը` Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Շառլ Ազնաւուրի բարձր հովանիին տակ: Այս մասին ըստ News.am-ի կը գրէ «Nouvelles d’Armenie» պարբերականը:

Համերգի ընթացքին պիտի հնչեն Անթօնիօ Վիվալտիի ստեղծագործութիւնները: Ելոյթ պիտի ունենան «Նեւշադելի մեներգիչներ» քամերային նուագախումբը` Սերկէյ Օսդրովսքիի ղեկավարութեամբ եւ Շուշան Սիրանոսեանի (ջութակ), Աստղիկ Սիրանոսեանի (թաւջութակ) ու Վարդուհի Խաչատրեանի (մեցցօ-սոփրանօ) մասնակցութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին