Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Կեանքի Ամէն Դառնութիւնները Ճաշակած Ու Յաղթահարած Ընկեր Վարդանը Այլեւս Չկայ

Անձնազոհութեան եւ ծառայասիրութեան գաղափարի մարմնացումը հանդիսացող ամէնուն ընկեր Վարդան Կիրակոսեանը ոչ եւս է:

Արդարեւ երէկ առաւօտուն ընկերոջ մը ծառայութիւն մատուցելու պահուն, ելեկտրական հոսանքը հարուածեց ընկ. Վարդանի բարութեամբ փափախող սիրտը, անժամանակ վերջ տալով տակաւին այնքան սէր ու ծառայութիւն տալիք ունեցող մեր ընկերոջ երիտասարդ կեանքին:

Այս արեւուն տակ կեանքի ամէն դառնութիւնները ճաշակած ու յաղթահարած ընկեր Վարդանը անժամանակ ակնդարդի մը զոհը գնաց:

Լիբանանի ՌԱԿի եւ ԹՄՄի մեծ ընտանիքը կորսնցուց անփոխարինելի ընկեր մը, մինչ իր ընտանիքը՝ ազնիւ ու քաջ ամուսին մը, հայր մը, եղբայր մը, հարազատ մը, իսկ «Զարթօնք»ը իր պահապան հրեշտակը:

Ցաւակցութիւն եւ համբերութիւն ընկ. Վարդանին բոլոր հարազատներուն եւ ընկերներուն:

Ընկեր Վարդանի յիշատակը  վառ պիտի մնայ բոլոր զինք սիրողներուն միտքին մէջ:

«Զ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին