Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

«ՌԴ Հնարաւոր Ամէն Ինչ Կ՛ընէ ԼՂ Խնդիրի Շուտափոյթ Լուծման Համար». ՌԴ ԱԳՆ

Ռուսիան (Ռուսաստանի Դաշնութիւն-ՌԴ) կ՛ընէ ամէն ինչ, որպէսզի որքան հնարաւոր է շուտ լուծուի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»­ը վկայակոչելով ՌԴ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը, այդ մասին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:

«Ռուսիան աշխուժօրէն ներգրաւուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ: Պաշտօնական Մոսկուան կը հանդիսանայ այդ գործընթացի գործօն մասնակիցը: Մենք կ՛ընենք անհրաժեշտ ամէն ինչ, որպէսզի որքան հնարաւոր է շուտ մօտեցնենք այդ խնդրի լուծումը»,­ ըսած է Զախարովան:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին