Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

Իրաք; Խաչքարերու Օրհնութիւն Իրաքի Մէջ

Իրաքի առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին Հայաստանէն Իրաք տարուած էին քանի մը խաչքարեր՝ զետեղելու զանոնք տեղի հայաբնակ բոլոր գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ, ինչպիսին են՝ Պաղտատ, Պասրա, Քէրքուկ, Էրպիլ, Տհօք, Զախօ, Հաւրէզք եւ Աւզրուկ: Այս մասին “Հայերն Այսօր”-ին Իրաքէն յայտնած է Արամ սարկաւագ Քէթէնճեան:

Վերոյիշեալ ժամանակահատուածին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հոգեւորականաց դասի մասնակցութեամբ եւ հաւատացեալ ժողովուրդի ներկայութեամբ հերթափար  օրհնեց  իր այցելած  շրջանի գիւղ ու քաղաքներու եկեղեցիներու բակերուն մէջ տեղադրուած խաչքարերը. այսպէս օրհնուեցան Աւզրուկի, Հաւրէզքի, Տհօքի եւ Զախոյի խաչքարերը:

Յիշատակութեան արժանի է, որ այս հոգեպարար միջացառումներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Տհօքի եւ Էրպիլի Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Տաուուտ Շէրէֆ արքեպիսկոպոսը, նաեւ քոյր եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներէն հոգեւորականներ ու ներկայացուցիչներ,  պետական այրեր ինչպէս նաեւ հոծ բազմութիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին