ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
Շաբաթ, 12 Սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի անձնակազմին տարեկան հանդիպումը, որ ամէն տարի կը կատարուի ուսումնական տարեշրջանի սկիզբը, վերամուտի նախօրեակին:
Այս տարուան հանդիպումը կը զուգադիպէր վարժարանիս անուանակոչութեան՝ Խաչվերացի տօնին, որուն նուիրուեցաւ նաեւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագը, ուր համապատարագեցին գերապատիւ հայրեր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանն ու Մաշտոց վրդ. Զահթերեանը: Իր փոխանցած քարոզին մէջ ժողովրդապետ հայր Սեպուհ Կարապետեան մաղթեց, որ ուսուցիչները իրենց ամբարած գիտութեամբ սնուցանեն աշակերտները եւ զանոնք առաջնորդեն դէպի քրիստոնէական լոյսի ճամբան: Ան Աստուծմէ խնդրեց նաեւ ուսուցիչները օժտել բոլոր գեղեցիկ առաքինութիւններով, որպէսզի յառաջիկայ ուսումնական տարին ըլլայ բեղմնաւոր եւ հեզասահ:
Հանդիպումը շարունակուեցաւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի ժողովասրահին մէջ: Տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան իր խօսքին սկզիբը խնդրեց ներկաներէն վայրկեան մը յոտնկայս լռութեամբ յարգել վարժարանիս հոգատար հայր եղած, երջանկայիշատակ Տէր Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոսին յիշատակը, ինչպէս նաեւ ներկայացուց նորընտիր պատրիարք՝ ամենապատիւ Տէր Գրիգոր-Պետրոս Ի. կաթողիկոսը:
Յառաջիկայ կրթական տարեշրջանին կապակցութեամբ բարեմաղթութիւններ կատարելէ ետք, Տիկ. Պոյաճեան բարի գալուստ մաղթեց վարժարանիս ընտանիքին միացած նոր անդամներուն եւ շնորհաւորեց ընթացիկ տարուան ընթացքին ամուսնութիւն կնքած եւ ծննդաբերութիւն ունեցած ուսուցչուհիները: Այնուհետեւ ան ամփոփեց նախորդ տարուան պետական քննութեանց մէջ վարժարանիս աշակերտներուն արձանագրած արդիւնքները, գնահատեց բոլոր ուսուցիչները եւ պարգեւատրեց այն 10 ուսուցիչները, որոնց շնորհիւ կարելի եղած էր ապահովել այդ պատուաբեր արդիւնքները: Ան նաեւ հակիրճ կերպով ներկայացուց 2015-ի ամրան ընաթցքին վարժարանիս մէջ կատարուած վերանորոգման աշխատանքները: Ի վերջոյ, Տիկ. Պոյաճեան շեշտը դրաւ տնօրէնութիւն-ուսուցչակազմ-ծնողք յարաբերութիւնները առողջ եւ կառուցողական պահելու հրամայականին վրայ, որով կþերաշխաւորուի դպրոցին յաջողութիւնն ու յառաջընթացը:
Ապա հիւրընկալեցինք Centre for Educational Consultancy and Professional Development (CEC-PD) կեդրոնէն երեք մասնագէտներ, որոնք զեկուցեցին կրթական մարզին մէջ որակաւոր աշխատանք տանելու կերպին ու հնարաւորութիւններուն մասին: Այս ծիրէն ներս, 2015-2016 տարեշրջանին ընթացքին համագործակցութիւն տեղի պիտի ունենայ այս մասնագէտներուն եւ վարժարանիս ուսուցչակազմին հետ, որպէսզի անոնց վերահսկողութեամբ կարելի ըլլայ կատարելագործել Ս. Խաչ-Հարպոյեանի կրթական ծրագիրը եւ աշխատանքները:
Աւարտին լեզուական եւ գիտական նիւթերու ուսուցիչները, Ամերիկեան ծրագիրի եւ Ուսումնական Յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու բաժանմունքներու պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ մանկապարտէզի եւ արուեստից բաժանմունքներու ուսուցիչները խմբակներու բաժնուելով՝ արծարծեցին իրենց տարեկան ծրագիրը եւ իրագործելի աշխատանքները: