ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան ներկայացուցիչ Ճոն Գիրպի՝ ճեպազրոյցի մը ընթացքին մեկնաբանած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Սեպտեմբեր 13-ին կայանալիք՝ Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւնները (ՏԻՄ) ու կարեւոր համարած Ղարաբաղի բնակչութեան դերակատարութիւնը՝ իր ապագան որոշելու հարցին գծով:
«Մենք կը ճանչնանք Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դերակատարութիւնը իր ապագան որոշելու հարցին գծով` թէեւ ԱՄՆը Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ անկախ ինքնիշխան պետութիւն չի ճանչնար», ըստ Artsakhpress.am-ի յայտարարած է պաշտօնեան` միաժամանակ նշելով, որ իրենք պիտի չճանչնան Սեպտեմբեր 13-ին կայանալիք ընտրութիւններուն արդիւնքները եւ անիկա պիտի չազդէ շրջանի իրաւական կարգավիճակին վրայ:
«Մենք նաեւ կ՝ընդգծենք, որ այսպէս կոչուած ընտրութիւնները որեւէ կերպ չեն կրնար կանխորոշել Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը կամ բանակցութիւններուն ելքը` շրջանին մէջ տեւական եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման համար», ըսած է Գիրպի:
Այս դիւանագիտական արտայայտութենէն պարզ կը դառնայ, որ Ղարաբաղի տագնապին լուծումը տակաւին երկար ժամանակի կը կարօտի, քանի որ համաշխարհայնօրէն ընդունուած երկու սկզբունքներ՝ երկիրներու սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը հաւասար կերպով կ՛ընկալուին, սակայն ինքնաբերաբար զիրար կը հակասեն, հետեւաբար առիթ կ՛ընծայեն ամէն մէկ կողմին իր տեսակէտը պարտադրելու ըստ իր հայեցողութեան ՝ վերոնշեալ դրոյթներու կապակցութեամբ։