Սիրելի ՛ հայրենակից,
2015 տարին հայութեան համար յատուկ նշանակութիւն ունի իբրև Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակ, մանաւանդ երբ զայն Գանատայի տարածքին կը յիշատակենք միացեալ ուժերով` գաղութի բոլոր միութիւններու համերաշխ գործակցութեամբ։ Գանատայի 100-ամեակի յանձնախումբը ձեռնարկներու շարք մը ծրագրած է Գանատայի տարածքին, ուր հայկական գաղութներ կան։ Մեր ձեռնարկները պսակուեցան յաջողութեամբ, սակայն տակաւին ունինք իրագործուելիք ծրագիրներ մինչեւ տարեվերջ:
Սոյն ծրագրուած եւ իրագործուելիք ձեռնարկներու գործադրութիւնը անշուշտ ձեր նիւթական մասնակցութեան կարիքը ունի։ Հպարտօրէն կը յայտնենք, որ մեր գաղութի աջակցութիւնը եւ մասնակցութիւնը մեծապէս նպաստեցին առաջին հանգրուանի ձեռնարկներու յաջողութեան: Սակայն, այս բոլորի կողքին, պէտք է գիտակցինք որ մեր ծախսերը անխուսափելիօրէն աւելցան կարգ մը ձեռնարկներու իրագործման համար:
Այս նամակով ոչ միայն ձեր բարոյական աջակցութիւնը կը խնդրենք, այլ նաև նիւթական օժանդակութիւնը` ձեռնարկներու ծախսերուն համար։ Օնթարիոյի մեր ծրագիրներու ծախսերը մօտ 500.000 տոլար կ’արժեն, որ փոքր գումար մըն է բաղդատմամբ Թուրքիոյ ծախսած գումարներուն` Հայկական Ցեղասպանութիւնը խեղաթիւրելու և դրժելու աշխատանքին համար։
Տարիէ մը աւելի է յանձնախումբեր գործի լծուած են անոնց գործադրութեան համար, սակայն առանց ձեր նիւթական մասնակցութեան, բարոյականի կողքին, կարելի պիտի չըլլայ անոնց գործադրութիւնը։ Ձեր նիւթական պարտականութիւնը կրնաք կատարել լեցնելով կցուած խոստումնագիրը, կամ այցելելով մեր կայքէջը և ձեր նուիրատուութիւնը կատարելով Pay Pal-ի միջոցով։ Go to our website to donate on line: www.armeniangenocide.ca
Նուիրատութեան եւ հարցումներու համար դիմել՝ Նուպար Երկանեանի 416-618-1931, nerganian@rogers.com եւ Հրաչ Մինասեանի @ 905-415-2223, hminassian@yahoo.com.
Կանխայայտ շնորհակալութիւն ձեր քաջալերանքին համար։
Միացեալ աշխատանքով կարելի է նուաճել ամէն դժուարութիւն։
Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Գանատայի Մարմին (Օնթարիօ)