Իսլամական պետութեան (ԻՊ) առաջնորդը Սուրիոյ քրիստոնեաներուն խոստացած է ապահովել անոնց անվտանգութիւնը` ատոր դիմաց պահանջելով հարկ վճարել եւ հրաժարիլ կրօնը ցուցադրելէ: Սակայն Դամասկոսի մէջ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ Արմաշ Եպս. Նալպանտեան վստահ է, որ զինեալները հանգիստ չեն ձգեր Սուրիոյ քրիստոնեայ բնակչութիւնը, եթէ նոյնիսկ եկեղեցական համայնքէն մէկը համաձայնի կատարել Ալ Պաղտատիի պահանջները, «Հայերն Այսօր»ի փոխանցմամբ կը յայտնէ Lifenews-ը:
Ներկայիս ԻՊի վերահսկողութեան տակ կը գտնուի միայն մէկ քրիստոնէաբնակ քաղաք` Հոմս նահանգի Ալ Գարիաթէյն բնակավայրը: Ահաբեկիչներու հրամանը առաջին հերթին անոր ուղղուած էր, սակայն ատոր արձագանգած են նաեւ Դամասկոսի այլ քրիստոնեայ համայնքները: «Առաջին հերթին կը ցանկամ ցաւակցիլ Ալ Գարիաթէյնի համաքաղաքացիներուն, որոնք հալածանքներու կ’ենթարկուին: Ինչպէս ըսուած է սուրբ գիրքին մէջ, եթէ մէկ մասնիկը ցաւի, ապա ողջ մարմինը կը ցաւի: Այնպէս ալ հիմա մենք անոնց հետ ցաւ կ’ապրինք», յայտարարած է Դամասկոսի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ Արմաշ Եպս․Նալպանտեան:
Ան նշած է, որ պատերազմի չորս տարիներու ընթացքին ահաբեկիչները շատ խոստումներ տուած են, բայց ոչ մէկը կատարած են: «Մենք լսած ենք անոնց յայտարարութիւնները ընկերային ցանցերու վրայ: Եթէ մարդիկ համաձայնին անոնց կանոններով ապրիլ, ապա անոնց կեանքը կը խնայեն: Բայց ես եղած եմ Հոմս, Մաալուլա, Քեսապ եւ իրական պատկերը այն է, որ կ’աւերեն ամէն բան` տուներ, տաճարներ, ինչպէս նաեւ մզկիթներ ու եկեղեցիներ», ըսած է ան:
Դամասկոսի քրիստոնեաները իրենց հերթին ոչ միայն չեն հաւատար ԻՊի խոստումներուն, այլեւ չեն հասկնար, թէ ահաբեկիչներու ղեկավարին ուրկէ՞ են հաւատացեալներու համար օրէնքներ սահմանելու իրաւունքները: