Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Հայ Գիրքարուեստի Աւանդոյթները Պիտի Ներկայացուին ԱՄՆի Գոնկրեսի Գրադարանի Փառատօնի Ընթացքին

Միացեալ Նահանգներու Գոնկրեսի գրադարանի հայկական բաժնի ղեկավար Լեւոն Աւդոյեան կը ներկայացնէ՝ հայ գիրքարուեստի աւանդոյթները գրադարանի փառատօնի ընթացքին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»­ը` վկայակոչելով ԱՄՆի Գոնկրեսի գրադարանի պաշտօնական կայքը, Աւդոյեան «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ» (To Know Wisdom and Instruction) խորագիրով դասախօսութիւնը պիտի ներկայացնէ Սեպտեմբեր 5­ին:

Գոնկրեսի գրադարանը հայ գիրերու գիւտի 500-­ամեակը 2012ին նշած է «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ. Հայ գիրքարուեստի աւանդոյթները Գոնկրեսի գրադարանին մէջ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսով: Անիկա արդէն հասանելի է կայքի թուային գրախանութին մէջ:

1800ին հիմնուած ԱՄՆի Գոնկրեսի գրադարանի Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի բաժնին մէջ կ՛ուսումնասիրուին 78 երկիրներ` Հարաւային Ափրիկէէն մինչեւ Մարօք եւ Կովկասէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիա: Միջին Արեւելքի բաժնի հիմնական մասը կը կազմեն հայալեզու նիւթերը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին