Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

Ստեփանակերտի Մէջ Բացուած է «Թումօ» Ստեղծարար Ճարտարագիտութիւններու Կեդրոնը

Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահներ Բակօ Սահակեան եւ Սերժ Սարգսեան, Սեպտեմբեր 2-ին մասնակցած են Ստեփանակերտի մէջ «Թումօ» ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Այս մասին կը հաղորդէ ԼՂՀ  նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը։

Նախագահ Սահակեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ նման կեդրոնի գործունէութիւնը նոր որակ պիտի հաղորդէ Արցախի մէջ երիտասարդներու մտաւոր ներուժի զարգացման եւ ժամանակակից ճարտարագիտութիւններու կիրառման գործընթացին:

Երկրի ղեկավարը երախտագիտութիւն յայտնած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, «Սիմոնեան»  հիմնադրամին եւ «Ղարաբաղ Թելեքոմ» ընկերութեան, հայրենանուէր այս նախաձեռնութիւնը իրականացնելու համար` նշելով, որ ան մեր հանրապետութեան մէջ մարդկային դրամագլուխի զարգացման գործի լաւագոյն ներդրումներէն է: Կեդրոնին մէջ շրջայցի ժամանակ նախագահները ծանօթացած են կրթական այս հաստատութեան պայմաններուն եւ ուսուցման ծրագիրին: Ըստ պատասխանատուներուն ծրագիրը հասանելի պիտի ըլլայ աւելի քան 500 ուսանողի, որոնց իւրաքանչիւրը «Թումօ»ի մէջ շաբաթական երկու օր պիտի սորվի, կեդրոնի չորս հիմնական ոլորտներու` անիմացիայի, ֆիլմերու ստեղծման, կայքերու մշակման եւ խաղերու ստեղծման հիմունքները, ինչպէս նաեւ պիտի ստանայ 21-րդ դարուն բնորոշ այնպիսի հմտութիւններ, ինչպէս 3D ձեւաւորումը, ռոպոթաշինութիւնը, լուսանկարչութիւնը, կրաֆիքական ձեւաւորումը եւ այլն:

Հանդիսութեան մասնակցած են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, ԼՂՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան, հիւրեր Հայաստանէն եւ արտերկրէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին