Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Պերլինի Մէջ Հայ, Թուրք եւ Գերմանացի Պատմաբանները Պիտի Քննարկեն Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը

Պերլինի մէջ Սեպտեմբեր 5-­ին տեղի պիտի ունենայ  գերմանական Հայնրիխ­ Պէօլլ հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած՝ «Անցեալի ներկան. 1915թ. Հայոց Ցեղասպանութենէն 100 տարի անց» խորագիրով խորհրդաժողովը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Խորհրդաժողովին ողջոյնի խօսքով հանդէս պիտի գան Հայնրիխ Պէօլլ հիմնադրամի տարածաշրջանային ղեկավար Սերկէյ Լակոտինսքին եւ Գերմանահայկական ընկերակցութեան նախագահ Ռաֆֆի Գանդեանը:

Քննարկման հիմնական թեմաները պիտի ըլլան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, վերապրածներու յուշերը եւ թէ ինչպէս պէտք է այսօր անդրադառնալ այդ հարցերուն:

Ելոյթ պիտի ունենան հայ, թուրք եւ գերմանացի բանախօսներ: Խորհրդաժողովին ելոյթներով հանդէս պիտի գան Գերմանիոյ Պունտըսթակի (խորհրդարանի) փոխնախագահ Գլաուտիա Ռոթը եւ այլ պատգամաւորներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին