Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերու Ժողովին Շեշտեց Նախագահական Ընտրութեան Հրամայականը

Երկուշաբթի, 31 Օգոստոս 2015-ին, Պքըրքէի Մարոնիթ Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցող քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու համագումարին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց նախագահական ընտրութեան հրամայականը: Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ կարելի չէ թափուր ձգել նախագահական աթոռը. ճիշդ է նախագահը քրիստոնեայ է, սակայն ան ո՛չ միայն Լիբանանի քրիստոնեաները կը ներկայացնէ, ո՛չ միայն խորհրդանշական իմաստով Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները, այլ նաեւ ողջ Լիբանանի ժողովուրդը՝ քրիստոնեայ թէ իսլամ: Հետեւաբար նախագահական ընտրութեան հարցը լիբանանեան հարց է եւ այս շրջագիծին մէջ պէտք է զայն դիտել: Շարունակելով իր խօսքը Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, ճիշդ է նախագահի ընտրութեան հարցը բարդ է՝ տեղական, շրջանային եւ միջազգային ազդակներ ու շահեր առնչուած են անոր, սակայն անհրաժեշտ է, որ այս գծով Լիբանանը ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքը առաջին գործնական քայլը առնեն: Հարկաւոր է այս անորոշ ու վտանգալից կացութենէն դուրս բերել Լիբանանը, շեշտեց Նորին Սրբութիւնը:

Համագումարը իր խորհրդակցութեան աւարտին կատարեց յայտարարութիւն մը, ուր անդրադարձ եղաւ շրջանի ընդհանուր կացութեան, Լիբանանէն ներս վերջին օրերուն տեղի ունեցող ժողովրդային ընդվզումին եւ բնականաբար յատուկ տեղ տրուեցաւ նախագահի ընտրութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին