ՄԱԿ-ի Կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի հարցերով զբաղող կազմակերպութիւնը՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, Սուրիոյ Փալմիրա քաղաքին մէջ հնադարեան Պաալ Շամի տաճարին քանդումը մարդկութեան համար մեծ կորուստ համարած է, իսկ Իսլամական պետութեան այդ արարքը պատերազմական ոճիր: Այս մասին կը հաղորդէ ՊիՊիՍի-ն։
«Այդ տաճարի քանդումը մեծ կորուստ է Սուրիոյ ժողովուրդին եւ ամբողջ մարդկութեան համար», նշած է կազմակերպութեան ղեկավար Իրինա Պոքովա: Ան նշած է, որ յանցագործները պէտք է պատասխանատուութիւն կրեն իրենց արարքներուն համար:
Պաալ Շամի տաճարը, որ կառուցուած է մօտաւորապէս 2000 տարի առաջ, իսլամ ծայրայեղական ահաբեկիչներուն կողմէ փլուզուած է Կիրակի օր:
Հնագէտներ Պաալ գերագոյն չաստուածին նուիրուած այս տաճարը կը համարեն քաղաքի ամէնէն թանկ եւ լաւ պահպանուած մասնիկներէն մէկը: Նախապէս ան մասամբ վերականգնուած էր:
Տաճարին քանդումը դատապարտեց նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն: