Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Ի Պատիւ Մուսա Լերան Պաշտպաններու` Հարիսա Ու Հանդիսաւոր Արարողութիւն

Մուսա լերան հերոսամարտի պատմութեան եւ մուսալեռցիներու ազգագրութեան թանգարանը կը պատրաստուի Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակին, կ’ընթանան բարեկարգման աշխատանքներ եւ նոր ցուցադրութեան կազմակերպում:

Panorama.am-ի փոխանցմամբ թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Սարգսեան ըսած է, որ բաւական յաւակնոտ ծրագիր ունին, կը ցանկան ինքնատիպ ձեւով ներկայացնել ցուցադրութիւնը:

«Թէ որքանով կը յաջողուի, կը հասցնենք այդ ծրագիրն ամբողջութեամբ իրականութիւն դարձնենք, դա է խնդիրը», նշած է ան:

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակը կը լրանայ Սեպտեմբերին: Սեպտեմբեր 19-20ին յուշահամալիրի տարածքին մէջ նախատեսուած են  շարք մը ձեռնարկներ, որոնք պիտի կազմակերպուին ինչպէս «Մուսա լեռ Հայրենակցական բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան», այնպէս ալ պետական յանձնաժողովին կողմէ:

Դ. Սարգսեան տեղեկացուցած է, որ Սեպտեմբեր 19-ին ժամը 17:00-ին պիտի  սկսի աւանդական հարիսայի պատրաստման արարողութիւնը: Սեպտեմբեր 20-ի առաւօտեան Երեւանի Շահումեանի արձանի մօտէն պիտի մեկնարկէ քայլարշաւ՝ 40 հոգի ոտքով պիտի երթան Մուսա լերան հերոսամարտի յուշահամալիր, ժամը 10:00-ին պիտի մատուցուի պատարագ, պիտի կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն, ժամը 11:30-ին պիտի մեկնարկէ հերոսամարտի 100-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր արարողութիւն, նաեւ հարսիայի օրհնում, բաշխում, հիւրասիրութիւն:

Նշենք, որ կառավարութեան որոշմամբ 35 միլիոն դրամ  տրամադրուած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան, Արմաւիրի մարզի Բաղրամեանի գիւղական համայնքի վարչական սահմաններուն մէջ գտնուող՝ Մուսա լերան հերոսամարտի յուշահամալիրի հիմնանորոգման եւ բարեկարգման աշխատանքները իրականացնելու նպատակով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին