Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

Գանատահայ Աշակերտուհիին Հնարած Արիւն Մաքրելու Սարքը Միջազգային Ուշադրութեան Կ՛արժանանայ

Արիւն մաքրելու (տայալիսիս) փոքր, աժան եւ արդիւնաւէտ սարքը, որուն հեղինակը գանատահայ Անիա Փողարեանն է, միջազգային ուշադրութեան արժանացած է։ Այս մասին կը տեղեկագրէ CBC կայանը:

«Հնդկաստանէն, Աւստրալիայէն, Ռուսիայէն, Հայաստանէն, Հարաւային Ամերիկայէն եւ այլ տեղերէ նամակներ կը ստանամ», յայտնած է Փողարեան, որ 17 տարեկանին կրցած է հնարել նշեալ սարքը:

Գանատայի տարբեր անկիւններէն հիւանդներ եւս կապ հաստատած են անոր հետ՝ շնորհաւորելով եւ յաջողութիւն մաղթելով անոր, իսկ Օնթարիոյէն բժշկական ընկերութիւն մը նոյնիսկ առաջարկած է հովանաւորել անոր գործունէութիւնը եւ զտիչներ տրամադրել:

Այս լուրը, որ լայնօրէն լուսաբանուած է լրատուամիջոցներով, միջազգային ուշադրութեան արժանացած է, որ մղած է Անիան անցնելու յաջորդ հանգրուանին: Իր իսկ խօսքով՝ առանց ձեռքերը ծալլելու կ՛աշխատի, որպէսզի բարելաւէ իր սարքը, որ մօտաւորապէս 500 տոլար կ՛արժէ: Ներկայիս նման սարքեր կ՛արժեն մօտաւորապէս 30,000 տոլար:

Անիա Փողարեան յայտնած է, թէ իր սարքի արդիւնաւէտութիւնը, պարզութիւնն ու փոքր չափը զայն իտէալական կը դարձնեն յատկապէս զարգացող երկիրներուն եւ աղէտի վայրերուն մէջ գործածելու համար: Ան յոյս յայտնած է, որ սարքը շուկայի վրայ կ՛ըլլայ քանի մը տարիէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին