Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

«Փոքր Ձեռքերն Ու Ծանր Բեռը». Սուրիոյ Փոքրիկները Կը Կորսնցնեն Իրենց Մանկութիւնը…

Սուրիոյ փոքրիկները շատ սուղ կը վճարեն չդադրող պատերազմի համար։ Այս մասին կը նշուի UNICEF-ի ու Save the chidren-ի կողմէ պատրաստուած եւ վերջերս հրապարակուած «Փոքր ձեռքերն ու ծանր բեռը»  զեկոյցին մէջ: Զեկոյցի ուսումնասիրութեան հիմնական թեման` հակամարտութեան պայմաններու մէջ փոքրիկներու աշխատանքային շահագործումն է, որու հետեւանքով անոնք կը կորսնցնեն կրթութիւն ստանալու իրաւունքը, կը վնասեն իրենց առողջութիւնը  եւ կը զրկուին աւելի լաւ կեանքի հեռանկարէ…։

Ըստ womennet.am-ի մինչեւ աղէտալի ճգնաժամի եւ զինուած հակամարտութեան մէջ յայտնուիլը, Սուրիան միջին եկամուտ ունեցող երկիր էր, որ ի վիճակի էր իր ժողովուրդին համար  արժանապատիւ կեանք ապահովել: Գրեթէ բոլոր փոքրիկները դպրոց կ՝երթային եւ գրագիտութեան մակարդակը 90%-էն բարձր էր:

Չորսուկէս տարի ճգնաժամի մէջ ըլլալու հետեւանքով՝ այժմ 5 սուրիացիներէն 4-ը կ՝ապրին աղքատութեան մէջ եւ 7.6 միլիոն մարդ տեղահանուած է:

2014-ի տարեվերջի տուեալներով, գործազրկութեան մակարդակը գրեթէ քառապատկուած է` հասնելով 57,7%-ի: Հարեւան երկիրները նոյնպէս կը տառապին տարածաշրջանային ճգնաժամէն` փորձելով յաղթահարել 4 միլիոն սուրիացի փախստականներու ներհոսքը, որոնց  մօտաւորապէս կէսը երախաներ են:

Ճգնաժամը խորապէս ազդած է փոքրերու կեանքին վրայ: Սուրիոյ մէջ փոքրերը կ՝ենթարկուին անընդհատ աճող բռնութեան, անխնայ յարձակումներու, որոնց հետեւանքով կ՝ունենան տարբեր բնոյթի խնդիրներ: Շատերը ստիպուած եղած են զէնք վերցնել: Շատերը կորսնցուցած են իրենց հարազատները եւ լքած  են իրենց տուներն ու համայնքները, երբեմն քանի մը անգամ: Սուրիոյ փոքրիկները շատ սուղ կը վճարեն անոր համար, որ աշխարհը չի յաջողիր վերջ տալ հակամարտութեան:

Սուրիոյ մինչ պատերազմի կեանքին մէջ ալ եղած են փոքրերու աշխատանքի մասին որոշ փաստեր, բայց մարդասիրական ճգնաժամը մեծապէս սրած է այդ խնդիրը: Հակամարտութեան հետեւանքով  շատ փոքրիկներ այժմ ներգրաւուած են տնտեսական այնպիսի գործունէութեան մէջ, որ մտաւոր, ֆիզիքական ու հասարակական շատ վտանգներ ունի եւ որ կը սահմանափակէ կամ ալ կը խախտէ անոնց կրթութեան հիմնարար իրաւունքը: Առկայ են նաեւ փոքրիկներու իրաւունքներու խախտման առաւել ծայրայեղ դրսեւորումներ, ինչպէս փոքրերուն հաւաքագրումը զինեալ ուժերու կամ խումբերու կողմէ եւ փոքրերու սեռական շահագործումը:

Սուրիոյ ճգնաժամը զգալիօրէն նուազեցուց ապրուստի միջոցներ հայթայթելու հնարաւորութիւնները եւ աղքատացուց միլիոնաւոր տնային տնտեսութիւններ տարածաշրջանին մէջ: Թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ հարեւան երկիրներու մէջ, փոքրիկները յաճախ հիմնական, երբեմն ալ նոյնիսկ միակ աշխատողներն են ընտանիքին մէջ: Յորդանանի մէջ տնային տնտեսութիւններու 47%ը կ՝ըսեն, որ անոնք մասամբ կամ ամբողջութեամբ կ՝ապաւինին իրենց փոքրիկին ունեցած եկամուտին:

2,7 միլիոն սուրիացի փոքրիկներ դուրս մնացած են դպրոցէն, քանի որ  ստիպուած են աշխատիլ: Որակեալ կրթութիւն ստանալու սահմանափակ հասանելիութիւնը այս փոքրիկներու խնդիրին մէկ մասն է, աշխատող փոքրիկները աւելի հաւանական է, որ դուրս կը մնան դպրոցէն:

Ընտանիքներու յուսահատութեան հասնող տնտեսական իրավիճակին հետ մէկտեղ, կը վատթարանան նաեւ այն աշխատապայմանները՝ որոնց մէջ կ՝աշխատին փոքրիկները: Յորդանանի մէջ օրինակ, հիւրընկալ համայնքներու մէջ աշխատող փոքրիկներուն մեծամասնութիւնը կ՝աշխատի շաբաթը վեց կամ եօթը օր` մէկ երրորդ անգամ աւելի, քան օրական ութ ժամը: Անոնց օրական եկամուտը 4-7 տոլար է: Փոքրիկները կը սկսին աշխատիլ շատ երիտասարդ տարիքի, նոյնիսկ մինչեւ 12 տարեկան: Լիբանանի որոշ մասերու մէջ փոքրիկները աշխատանքի կ՝անցնին 6 տարեկանէն:

Վնասակար աշխատանքը անդառնալի հետեւանքներ կը ձգէ փոքրիկներու առողջութեան վրայ: Յորդանանի սուրիացի փախստականներու Զաաթարի ճամբարին մէջ, աշխատող փոքրիկներու 75%ը առողջական խնդիրներ ունին, մօտ 40 %ը վնասուածք կամ հիւանդութիւն։ Լիբանանի Պեքաա շրջանին մէջ աշխատող սուրիացի փոքրիկներու 35,8 %ը գրել կամ կարդալ չեն գիտեր: Վնասակար աշխատանքի մէջ ներգրաւուած աղջիկներն ու տղաները կը կորսնցնեն իրենց մանկութիւնը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին