Իրաքի Քէրքուք քաղաքին մէջ հայկական եկեղեցի բացուած է: Այս մասին ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ կը գրէ թրքական beyazgazete.com կայքը: Եկեղեցւոյ բացման ներկայ եղած է Քէրքուքի նահանգապետ Նեճմետտին Քերիմ, որ հանդէս եկած է ելոյթով: Քերիմ տեղեկացնելով, որ վերջին տարիներուն Քէրքուքի մէջ ապրող քրիստոնեաներու 75 տոկոսը հեռացած է երկրէն՝ ըսած է, որ իրենք կ’ընեն հնարաւորը այդ արտագաղթը կանխելու համար:
Նահանգապետը ըսած է, որ հակառակ Պաղտատի հետ գոյութիւն ունեցող քաղաքական հակասութիւններուն՝ իրենք կը շարունակեն իրականացնել նախատեսուած ծրագիրները:
Արքեպիսկոպոս Ապիտին Մարկոսեան նշած է, որ վերջին տարիներուն քրիստոնեաները եւ յատկապէս հայ քրիստոնեաները Իրաքի մէջ մեծ դժուարութիւններու մէջէն կ’անցնին:
«Այդ ամէնուն հիմնական պատճառը ծայրայեղական կազմակերպութիւններն են: Կեանքի ապահովութեան համար Քէրքուքէն հազարաւոր հայ ընտանիքներ հեռացած են: Այսօր Քէրքուքի մէջ հազիւ 50 հայ ընտանիքներ կ’ապրին», նշած է հայ հոգեւորականը: