Իրանահայ ժողովրդավարական ուժերու համադրող մարմինին կողմէ կեանքի կոչուած՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման յանձնախումբ»-ի նախաձեռնութեամբ, Թեհրանի մէջ Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին նուիրուած աշխատանքներու ծիրէն ներս, պարսկերէն լեզուով հրատարակուած է արեւմտահայ անուանի գրող, երգիծաբան, լրագրող եւ հրապարակագիր Երուանդ Օտեանի «Անիծեալ տարիներ 1914-1919, անձնական յիշատակներ» գիրքը, որ հեղինակի յուշագրութիւնն է Ցեղասպանութեան եւ բռնագաղթի օրերէն:
Ըստ իրանահայ «Արաքս» շաբաթաթերթի փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ 416 էջնոց այս գիրքը, որ հրապարակ իջած է 1100 տպաքանակով, պարսկերէնի թարգմանած է իրանահայ տաղանդաւոր թարգմանիչ Անդրանիկ Խեչումեանը եւ տպուած է Միրզախանեան ընտանիքի մեկենասութեամբ՝ Արամայիս Միրզախանեանի յիշատակին, «Աֆրազ» հրատարակչատան միջոցով:
Ա. Խեչումեանը իրանահայ ամենաաշխոյժ թարգմանիչներէն է: Ան տասնեակ գիրքերու շարքին, թարգմանած եւ հրատարակած է նաեւ Երուանդ Օտեանի «Ընկեր Բ. Փանջունի»-ն, որ մեծ ընդունելութիւն գտած է պարսիկ ընթերցողի կողմէ եւ առաջին հրատարակութենէն ընդամէնը քանի ամիս յետոյ վերահրատարակուած:
Յ.Գ. – Իրանահայ ժողովրդավարական ուժերու համադրող մարմինը կեանքի կոչուած է եւ կը հովանաւորուի Թեհրանի Հայ մարզա-մշակութային «Ռաֆֆի» համալիրի, Իրանահայ ազգային եւ մշակութային միութեան, Աշխարհատեսներու հայկական կեդրոնի, անկախ մտաւորականներու, «Իրանահայեր» լրատուական կայքէջի եւ «Արաքս» շաբաթաթերթի կողմէ: