Երկուշաբթի, 21. 04. 2025

spot_img

Գերմանիոյ Դեսպանութիւնը 41.000 Եւրօ Պիտի Տրամադրէ Հայաստանի Գիւղերուն Մէջ Իրականացուող Ծրագիրներուն

Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան դեսպանութիւնը այս տարի նոյնպէս կ՝օժանդակէ՝ փոքր դրամաշնորհային ծրագիրի ծիրէն ներս իրականացուող նախաձեռնութիւններուն: Այս մասին ըստ Armenpress.am-ի կը տեղեկացնեն՝ ՀՀ-ի մէջ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան դեսպանութեան մամուլի բաժինէն։

Վերջին օրերուն պայմանագրեր ստորագրուած են հայկական այն կազմակերպութիւններուն հետ, որոնց ներկայացուցած ծրագիրները հաւանութեան արժանացած են: «Ուրախ ենք, որ այս տարի մեզի հասած են մեծ թիւով լաւ յայտեր: Յաջողակ նախաձեռնութիւնները անցած են դժուար ընտրութեան գործընթացի մէջէ: Մեր կողմէ քննարկուած են 125 դիմում­-յայտեր եւ մեզի համար որոշում կայացնելը եղած է շատ դժուար», ըսած է դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Նատիա Լիխդենպըրկըր:

Դեսպանութեան փոքր դրամաշնորհային ծրագիրը կ՝օժանդակէ կարճաժամկէտ ձեռնարկներ, որոնք կոչուած են արձագանգելու կարիքաւորութեան կէտային խնդիրներուն եւ կրնան նպաստել բնակչութեան ամենախոցելի խումբերու կենսապայմաններու բարելաւման` առաւելութիւնը տալով գիւղական վայրերուն: Ընդհանուր առմամբ այս տարուան ծրագիրներուն համար յատկացուած է 41.000 եւրօ:

Այս տարի օժանդակութիւն պիտի ստանան շարք մը նոր նախաձեռնութիւններ: Մասնաւորաբար «Հայկական ճամբար» լեզուի եւ առագաստանաւի դպրոց ՀԿ` Սեւանայ լիճի ափին արձակուրդային ճամբարի վերակառուցում, Գանձաքար գիւղի շահառուներու խումբ` գիւղացիներու եւ փոքր ­ձեռներէցներու համար շարժական շուկայական ծրագիրի ստեղծում, Սիւնիքի զարգացման ՀԿ (Եղէգնաձոր)` թիւ 64 մանկապարտէզի բակային պարագաներու համալրում, «Յոյսի կամուրջ» ՀԿ (Նոյեմբերեան)` հաշմանդամներու արհեստանոցի համալրում, Ֆրանս­-հայկական զարգացման հիմնադրամ` խուլ եւ համր անձերու ուսուցիչներու վերապատրաստում, Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութիւն` Աբովեանի հանրակացարանին մէջ հանրային սենեակի ստեղծում, «Սուրբ Սանդուխտ» կանանց ՀԿ` Գեղարքունիքի մարզի հինգ դպրոցներու համար մարզական պարագաներու ձեռքբերում, ՀԵՆԱ ՀԿ (Սառնաղբիւր)` երիտասարդական համայնքային կեդրոնի ստեղծում, «Լոռէ» էքօակումբ ՀԿ (Ստեփանաւան)` տասը արեւային չորանոցներու կառուցում միրգի չորացման համար:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին