Հալէպի մէջ ջուրի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումը, համեմատաբար նախորդ օրերու սուր տագնապին, բարելաւուած է: Ելեկտրականութիւն կայ օրական շուրջ 6 ժամ, իսկ ջուրը հասանելի է արդէն շատ մը շրջաններու: Համացանցային ծառայութիւնը կը շարունակէ խափանուած մնալ: Իսկ ապահովական առումով վիճակը կը շարունակուի լարուած մնալ: Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը։
Յուլիս 27-ի յետմիջօրէին Նայյալ թաղամասի մուտքին արձակուած հրթիռի մը պայթումին հետեւանքով արձանագրուած են վիրաւորներ եւ մէկ զոհ, իսկ գիշերը հրթիռակոծման ենթարկուած է նաեւ Նոր Գիւղ շրջանը, ուր արձանագրուած են նիւթական վնասներ: