ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
Լոս Անճելըս
ՄԵԾԱՐՈՒՄ Հ.Բ.Ը.Մ. ԱՍՊԵՏՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ
Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ, մեր ապրած երկիրներու հայ համայնքին զանազան կարիքներուն հասնելու, ծառայելու, նուիրուելու, տալու մղումը ինքնաբուխ ու յաճախ բնազդային երեւոյթ մը դարձած է: Պատճա՞ռը. մեր կոտորակուած ըլլալէն կու գայ, մայր հողէն հեռու, կազմակերպուած նոր կեանք մը ապրելու ձգտումէն կու գայ… եւ այսպէս տասնամեակներ շարունակ: Տասնհինգ թուականի բռնագաղթէն ետք, նորանոր գաղթերով հասանք մինչեւ Ամերիկաներ ու Աւստրալիա, որոնք մեզի պարտադրեցին նոր կեանք եւ նոր կացութաձեւ: Եւ մենք, մեր աշխատանքով յաջողեցանք ոտքի կանգնիլ եւ ոտքի պահել մեր ազգային, քաղաքական, մշակութային, բարեսիրական կազմակերպութիւնները, մեր եկեղեցին:
Անտարակոյս, յաջողութեան ձգտող եւ այդ յաջողութիւնը նուաճող երիտասարդներէն մէկը եղած է եւ է՛ նաեւ Տոքթոր Սիմոն Գրիգոր Սիմոնեանը, որուն կեանքին հանգրուանները հայուն վերջին 100-ամեայ պատմութեան մէկ պատկերն են:
Ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդի զաւակ Սիմոն Սիմոնեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: 1975-ին աւարտած է Ամերիկեան Համալսարանի (AUB) բժշկական բաժինը, ապա անցած Միացեալ Նահանգներ եւ մասնագիտացած Otolaryngology-ի մէջ՝ ականջ, քիթ, կոկորդ, նաեւ՝ գլուխ եւ վիզ, Թոմաս Ճեֆըրսըն համալսարանի մէջ, Ֆիլատելֆիա, Փենսիլվէնիա:
Տոքթոր Սիմոնեան մասնագիտական իր յաջողութիւններուն զուգահեռ, ունի 40 տարուան ծառայութիւն հայ համայնքին եւ Հայաստանեայց եկեղեցիին: Գլխաւորած է եւ կը շարունակէ գլխաւորել բարեսիրական եւ մշակութային կազմակերպութիւններ: Եղած է ատենապետը Հ.Բ.Ը.Մ. Հայ Համալսարանականներու Միութեան՝ Լիբանանի մէջ, ատենապետը Թէքէեան Մշակութային Միութեան՝ Ֆելատելֆիոյ մէջ, փոխ-ատենապետը Միացեալ Նահանգներու Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եւ ատենապետը՝ Ա.Մ.Ն.-ի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային Յանձնաժողովին: Եղած է անդամ Թ.Մ.Մ. Հիւսիսային Ամերիկայի Կեդրոնական Վարչութեան, եւ այդ շրջանին մեծ աշխատանք տարած Ալթատինայի Թ.Մ.Մ. Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի հիմնադրման մէջ:
Ներկայիս, Տոքթոր Սիմոնեան կը վարէ ատենապետութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբին, կազմակերպելով գրական եւ մշակութային բարձրորակ ծրագիրներ:
Եկեղեցիէն եւ ամերիկահայ գաղութէն ներս իր բերած ծառայութիւններուն առ ի գնահատանք, 2011 թուականին Տոքթոր Սիմոնեան արժանացած է Ամենայն Հայոց Կաթողիսկոս Գարեգին Բ.-ի սրբատառ կոնդակին եւ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» մետալին: Ի դէպ, 1988-ին հիւսիսային Հայաստանի մէջ պատահած ահաւոր երկրաշարժէն ետք, ան երկու տարի շարունակ մեկնած է Հայաստան եւ մասնագիտական իր հմտութիւնները տրամադրած մեր հայորդիներուն:
Տոքթոր Սիմոնեան ամուսնացած է եւ ունի երկու մանչ զաւակ: Մայիս 9-ին, արժանին մատուցուեցաւ անոր, երբ Ամերիկեան ամենահեղինակաւոր «Էլիս Այլընտ» մետալը ստացաւ վեց այլ հայորդիներու եւ խումբ մը այլ արժանաւորներու հետ: Ինչպէս ծանօթ է, այս մետալը կը շնորհուի բոլոր այն անհատներուն, որոնք իրենց շրջանակէն ներս մատուցած են երկար տարիներու բացառիկ ծառայութիւններ:
Այս առիթով, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ասպետներու Համախմբումը՝ իր առաքելութեան գիտակից, Շաբաթ, Օգոստոս 1-ի երեկոյեան պիտի պատուէ Տոթոր Սիմոն Սիմոնեանը հաւաքոյթի մը ընթացքին: Կը շնորհաւորենք մեծարեալը, մաղթելով անոր քաջառողջութիւն, շարունակելու համար մեր ազգին, եկեղեցիին եւ ընդհանրապէս մարդկութեան իր բերած օժանդակութիւնները՝ մասնագիտութեան եւ ծառայասիրութեան ճամբով: