Լոս Անճելըս, Յուլիս 26, 2015 – Շաբաթ, Օգոստոս 8-ին, Ստեփան Փարթամեան պիտի սկսի իրականացնել Knowledge Truck ծրագիրը՝ միամսեայ ձեռնարկ մը, որուն միջոցաւ բազմահազար ամերիկացիներ պիտի ծանօթանան այն հսկայական սատարին, որ ամերիկահայերը բերած են Միացեալ Նահագներուն եւ մարդկութեան։
Ծրագրի առանցքն է Knowledge Truck կառքը. 12 հոգինոց van մըն է այս, որուն ներքնամասը յարմարցուած է մահճակալ մը տեղադրելու համար։ Փարթամեան Knowledge Truck-ով պիտի շրջագայի Ցամաքային ԱՄՆի 48 նահանգները (բացի Ալասքայէն), կանգ առնելով հարիւրաւոր սիրուած տեղեր՝ յուշարձանային համալիրներ, փառատօներու վայրեր, հանրային պարտէզներ եւ ճեմավայրեր, ուր Knowledge Truck-ը պիտի ծառայէ որպէս տեղեկութիւն մատուցանող շարժական կեդրոն մը։ Իւրաքանչիւր վայր կանգ առնելով, Փարթամեան վաստակաշատ ամերիկահայերու եւ անոնց գործերուն մասին կարճ տեսաներիզներ պիտի ցուցադրէ՝ օգտագործելով Knowledge Truck-ին վրայ տեղադրուած պատկերասփիւռի խոշոր պաստառ մը։
Այսպիսով, Knowledge Truck-ը ինքնաբերաբար բազմաթիւ հանդիսատեսներ պիտի ներգրաւէ, Փարթամեան բացատրեց։ Ցուցադրուելիք տեսաներիզները, որոնք հակիրճ վաւերագրականներ են, պիտի ներկայացնեն ամերիկահայերու կողմէ ամերիկեան քաղաքակրթութեան եւ առ հասարակ մարդկութեան բերուած հարուստ սատարը, ընդգրկելով բազմազան նուաճումներ՝ արուեստի, գրականութեան, գիտութեան, թեքնաբանութեան, դիւանագիտութեան, ակադեմիայի, քաղաքականութեան, բժշկութեան, լրագրութեան, խոհանոցի, մարզախաղի եւ այլ բնագաւառներու մէջ։
Փարթամեան նաեւ պատրաստ պիտի ըլլայ պատասխանելու այցելուներու հարցումներուն։ Աւելին, պիտի բաշխէ օրինակներ յատկապէս այս ծրագրին համար հրատարակուած գրքոյկէ մը, որ ամերիկահայերու վաստակին մասին յաւելեալ տեղեկութիւն կը պարունակէ։ Ճամբորդութեան ամբողջ տեւողութեան, Փարթամեան պիտի գիշերէ Knowledge Truck-ին մէջ, ծրագրի ծախսը նուազագոյնի պահելու համար, յայտնեց ան։
«Հիմա, որ Մեծ Եղեռնի ոգեկոչումները աւարտած են, Knowledge Truck ծրագիրը կը մեկնարկեմ որպէս արտասովոր բայց մեծապէս ազդեցիկ միջոցառում մը, որուն նպատակն է Ամերիկայի եւ մարդկութեան բերուած ամերիկահայ սատարին մասին հանրային գիտակցութիւն յառաջ բերել», Փարթամեան յայտնեց։ «Կը կարծեմ, որ այս ծրագիրը ամբողջովին կ՚առնչուի Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակին, տրուած ըլլալով, որ տեսաներիզներուս մէջ յայտնուող բոլոր անհատները Ցեղասպանութենէն վերապրողներ կամ վերապրողներու զաւակներ են։ Հաւաքաբար՝ անոնք կը խորհրդանշեն հայ ժողովուրդի վերընձիւղման բացառիկ կարողութիւնը»։
«Ոչ-հայ ամերիկացիներէն շատերը գրեթէ ոչինչ գիտեն հայութեան մասին», Փարթամեան շարունակեց։ «Knowledge Truck ծրագիրը կը միտի փոխել այս երեւոյթը՝ հաճելի եւ տեսողականօրէն ուշագրաւ միջոցառմամբ մը սովորական ամերիկացին ծանօթացնելով այն հոյակապ դերին, որ ամերիկահայութիւնը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու մեծութեան մէջ»։
Knowledge Truck-ին միջոցով ցուցադրուելիք նիւթերը Փարթամեան մեծ խնամքով հետազօտած ու հաւաքած է անցեալ տասնամեակի ընթացքին։ Նիւթերը հրատարակուած են անոր Yes, We Have մատենաշարով, եւ ընդգրկուած են հանրութեան ձրիաբար տրամադրուող April 24 App-ին մէջ։
«April 24 App-ը, ինչպէս նաեւ Knowledge Truck ծրագիրը իմ նուէրներն են հայ ժողովուրդին», Փարթամեան յայտնեց։ «Կը կարծեմ, որ Եղեռնի հարիւրամեակի ոգեկոչումները իրենց կարեւոր տեղը ունին, բայց ի վերջոյ շատ բան չեն նշանակեր եթէ չառնենք նաեւ ստեղծագործ քայլեր, որոնք կրնան շօշափելի արդիւնքներու առաջնորդել։ Այս է պատճառը, որ ջանք չեմ խնայած Knowledge Truck ծրագիրը իրականացնելու համար, եւ պատճառը՝ որ այս տարի Ապրիլ 24-ին, փոխանակ ցոյցերու մասնակցելու, աշխատեցայ եւ օրուայ եկամուտս նուիրեցի Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին կողմէ գործադրուող սքանչելի ծրագրի մը, որուն նպատակն է Հայաստանի Տաւուշի Մարզի սահմանամերձ համայնքներու տնտեսական զարգացումը։
«Վերջապէս», Փարթամեան աւելցուց, «կարծեմ կարեւոր է ի մտի ունենալ, որ ծրագիրներս կ՚իրականացուին առանց որեւէ կազմակերպչական նեցուկի, հետեւաբար վստահելով ժողովրդային թիկունքի։ Օրինակի համար, Knowledge Truck-ի կանխավճարը կարելի դարձաւ փոքրածաւալ նուիրատուութիւններով, եւ կը յուսամ, որ յաւելեալ աջակցութիւն պիտի գոյանայ՝ ծրագրի ծախսը ամբողջութեամբ հոգալու համար»։
Knowledge Truck ծրագրին համար համայնքային աջակցութիւն դիւրացնելու համար, Փարթամեան հիմնած է շահազերծ կազմակերպութիւն մը՝ Knowledge Truck, Inc., որուն կարելի է տուրքէ զերծ նուիրատուութիւններ առաքել հետեւեալ հասցէով՝ Knowledge Truck, Inc., P. O. Box 287, Glendale, CA 91209, կամ այցելելով knowledgetruck.org կայքը։
Փարթամեան յայտնեց, թէ 48 նահանգներու իր միամսեայ ճամբորդութենէն ետք, Knowledge Truck-ով աւելի համապարփակ շրջապտոյտի մը պիտի ձեռնարկէ Քալիֆորնիոյ տարածքին։