Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Կեղծաւորութիւն (Hypocrisy), Պատեհապաշտութիւն եւ Մասամբ Նորին

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Sevag Hagopian

Վերջին օրերուն շատ մելան եւ բամբասանք հոսեցաւ ու Ֆէյսպուքեան սթաթուսներ լեցուեցան Ժիպէյլի Թռչնոց Բոյնին հետ կապուած լուրերով:

Համաձայն ըլլալով հանդերձ այն փաստին, թէ նման պատմական գերեզմաններու արժէքն ու կարեւորութիւնը իրենց հարազատ ու համեստ վայրին մէջ պահելուն մէջն է, մեզի համար նոյնքան հասկնալի են սփիւռքեան տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ ազգային հաստատութիւն մը կանգուն պահելու եւ անոր գոյատեւումը երաշխաւորելու եւ ինչու չէ զայն վերանորոգելու եւ աւելի եւս բարեկարգելու համար անոր հոգաբարձութեան կամ պատասխանատուներուն առած գործնական ու իրապաշտ քայլերը:

Կը մնայ հարց տալ հետեւեալը, թէ այս նիւթով խնդիր յարուցող մեր «մտահոգ, ազգասէր ու աւանդապաշտ» ազգայիններէն քանի՞ հոգին ներկայ վայրին մէջ յաւէտ հանգչող անմեղ որբուկներուն եւ անոնց երախտաւոր պատասխանատուներուն գերեզմաններուն վրայ մոմ մը վառած է եւ խունկ ծխած, շիրմաքար մը կանգնել մտածած է կամ քոնէ գիտէ անոնց այսօրուան ճշգրիտ վայրը… կամ քանի՞ հոգին լումայ մը նուիրած է Թռչնոց Բոյնին առօրեան կամ գոյատեւումը ապահովելու…:

b4BPeMPkS7iTTppLtBa2_Petition-Picture

Screen-Shot-2015-06-29-at-10.47.00-PM

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին