«People’s Choice» եւ «Couture» միջազգային ոսկերչական մրցանակներուն արժանանալուն առթիւ՝
Հարցազրոյց՝
«Եփրեմ» Ոսկերչական Տան Նախագծող Վարպետ՝
Լութֆիկ Շխըրտըմեանի Հետ
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պրն. Շխըրտըմեան, 2014 թ.ի բազմաթիւ նուաճումներէ ետք ոսկերչութեան աշխարհին մէջ, 2015 թ. Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100ամեակի պատմական տարուան ընթացքին տիրացաք «Ժողովուրդի Ընտրանք» («People’s Choice») եւ «Նորաձեւութիւն» («Couture») միջազգային ոսկերչական մրցանակներուն։ Ինչպէ՞ս կը բացատրէք Ձեր յաջողութիւնները այն ալ լաս Վեկասի նման համաշխարհային ոստանին մէ֊ջ։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Մեզի համար մեծ ուրախութիւն ու պատիւ էր լաւագոյն ոսկերիչի մրցանակ շահիլը, այն ալ սուր մրցակցութեամբ յագեցած այս բարդ արուեստի աշխարհին մէջ…։ Բոլոր նշանաւոր ֆրանսացի, հրեայ, ամերիկացի վարպետներուն մէջէն մեզի ընտրեցին որպէս լաւագոյն ոսկերիչ։ Մենք ալ փառք կու տանք Աստուծոյ, յիշեցնելով թէ երբեք ալ դիւրին չէր, որպէս Լիբանանի այս փոքր ու տաղանդաշատ երկրի մը հայ ներկայացուցիչ, համաշխարհային մրցանակի արժանանալ տքնաջան աշխատանքով։ Յաջողեցանք ճի՛շդ ճանապարհով ընթանալ marketing-ի, արդիական նորամուծութիւններով ու գրաւիչ նմոյշներով՝ որպէս հաւաքական աշխատող խումբի նուաճում։ Յաջողութեան պատճառներէն մէկն ալ նուիրումով ու “ամբողջ սրտով” ստեղծագործելն էր։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէս գիտենք, Ձեր «Խաչքար» գլուխ-գործոցը աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի եւ Հայաստանի նախագահին հաւանութեան ու գնահատանքին արժանացաւ։ Մինչ Ձեր ստեղծած ադամանդակուռ գոհարները միլիոններու “կուռք” Ճենիֆըր Լոփէզին, Մատոննային, Ռիհաննային կը զարդարեն, իրենց ելոյթներուն ժամանակ…։ Որո՞նք են Ձեր ծրագիրները 2015-2016 թուականներուն համար։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ինչպէս որ յայտնեցի, դիւրին չէ Շառլ Ազնաւուրի, Ճենիֆըր Լոփէզի, Մատոննայի, Ռիհաննայի եւ Նիքի Մինաժի նման “աստղ”երուն հետ գործ ունենալ ու «ԵՓՐԵՄ»ի գոհարեղէններով զարդարել… եւ ուրախ պահել զանոնք։ Մեր յաջորդ քայլերը պէտք է ըլլան նախ եւ առաջ պահպանել յառաջատարի մեր դիրքերը եւ նորանոր ստեղծագործութիւններ “լոյս աշխարհ” բերել։ Պիտի ջանանք միշտ մեր հաստատութիւնը ճանչցնել ոսկերչութեան լաւագոյն շրջանակներուն։
Այս տարի եւս պիտի մասնակցինք Պազելի (Զուիցերիա), «Couture»-ի (Ամերիկա), Հոնկ Քոնկի, Քաթարի, Պահրէյնի միջազգային ոսկերչութեան ցուցահանդէսներուն, ներկայացնելով մեր ստեղծագործութիւններն ու արտադրանքները։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Այս շռնդալից յաջողութիւններէն ետք, ի՞նչ է Ձեր խօսքը մեր ընթերցողներուն։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ուրախ ենք որ մեր զոյգ հայրենիքներուն՝ Հայաստանի եւ Լիբանանի անունը բարձր կը պահենք ոսկերչութեան բարդ աշխարհին մէջ։ Եթէ֊ մենք, որպէս հայ ու լիբանանցի կ’ուզենք առաջինը ըլլալ՝ ապա եւ ոչ մէկ ուժ կրնայ մեզի կասեցնել՝ մեր իրագործելիք նպատակներէն։
Հարցազրոյցը վարեց՝
ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ
Պէյրութ