Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

Փլասիտօ Տոմինկօ Լոս Անճելըսի Մէջ Ելոյթ Պիտի Ունենայ «Հայկազեան» Համալսարանի Յոբելեանին

Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանը Հոկտեմբեր 3-ին Լոս Անճելըսի մէջ պիտի տօնէ իր 60-ամեայ յոբելեանը, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ դրամահաւաք, ինչպէս նաեւ ելոյթ պիտի ունենայ աշխարհահռչակ թենոր եւ դիրիժոր Փլասիտօ Տոմինկօն: Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Dorothy Chandler Pavilion» դահլիճին մէջ, որ Լոս Անճելըսի օփերայի տունը կը համարուի: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը:

Յառաջիկայ տօնակատարութեան մասին հարցումին Փլասիտօ Տոմինկօ ջերմ խօսքերով արձագանգած է: «Մայրս, որ հրաշալի երգչուհի էր, վոքալը ուսանած է հայ մանկավարժի մը մօտ, այդ պատճառով ես ամբողջ կեանքիս ընթացքին հիացած եմ հայ համայնքի երաժշտական աւանդոյթներով եւ կատարողական արուեստով: Հպարտ եմ ձեզի Լոս Անճելըսի օփերայէն ողջունելու համար եւ անհամբերութեամբ կը սպասեմ ձեզի հետ միասին հրաշալի տօն անցնելուն»,- ըսած է ան:

Ձեռնարկին պատուաւոր կոմիտէի անդամներն են Քալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ Ճորճ Տոքմէճեանը, պարոնուհի Քերոլայն Քօքսը, Վարդան Գրիգորեանը ու Ճոյս Փիլիպոսեան-Շթայնը:

Աւելցնենք, որ թէեւ «Հայկազեան» համալսարանը կը գտնուի Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ, ուսումնական այս հաստատութեան ազդեցութիւնը կը զգայ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը: Համալսարանը կը պահպանէ հայկական մշակոյթը եւ գրեթէ 60 տարիէ մանկավարժներ կը պատրաստէ Սփիւռքի մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին