Երկուշաբթի, 21. 04. 2025

spot_img

Մարսէյլի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Հայաստանին Նուիրուած «Ծիրանի Ծաղիկ» Ցուցահանդէս

Երեք օր շարունակ Մարսէյլի մէջ պիտի ցուցադրուին հայ դասական եւ արդի նկարիչներու քանի մը տասնեակ ստեղծագործութիւններ, որոնք ֆրանսացի այցելուին պիտի պատմեն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի մասին:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-­ը` վկայակոչելով` Nouvelles d’Arménie-ն, «Ծիրանի ծաղիկ» անուանը կրող ցուցահանդէսին մեկնարկը Յունիս 19-­ին է: Պիտի ցուցադրուին Լեւոն Թութունջեանի, Երուանդ Քոչարի, Մարիտիրոս Սարեանի, Արշիլ Կորքիի, Վարդգէս Սուրէնեանցի ստեղծագործութիւնները:

Ցուցահանդէսին նախաձեռնողը «Բարձր արուեստ» կեդրոնն է, որ անցեալ տարի «Արթ Մոնաքօ 2014» ցուցահանդէսի ժամանակ արժանացած է ամենաբարձր մրցանակին: Ցուցահանդէսին կայացման աջակցած են ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն ու «Marseille Provence 2015 Armenia» միութիւնը: Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ Յունիս 21:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին