Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

Յայտնի է «Եւրոտեսիլ»-ի Հայաստանեան Երգի Հրապարակման Օրը

«Եւրոտեսիլ 2015» երգի մրցոյթին Հայաստանի երգի ու տեսահոլովակի անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենան միաժամանակ: Այդ ժամանակ ալ պարզ պիտի դառնայ, թէ ով է երկիրը ներկայացնող «Genealogy»-ի խումբին վեցերորդ անդամը: Յայտնի է նաեւ ցուցադրութեան օրը:

Բոլոր հարցերուն պատասխան տուած է «Եւրոտեսիլ»-ի հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Գոհար Գասպարեանը, որ ներկայացուցած է եւրոտեսիլեան հայաստանեան գաղափարի եւ մասնակցութեան մասին նոր մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է:  «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` մրցոյթի հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավարը պատմած է խումբի ստեղծման գաղափարին եւ երգին մասին:

Գոհար Գասպարեանը` «Genealogy» գաղափարի եւ յղացքին մասին

«Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթի այս տարուան երեւակայական նշանաբանը մեզի ոգեշնչեց ստեղծել «Genealogy» -ն: Մեր 6 մասնակիցները իրար կը միաւորէ 2 առանձնայատկութիւն` առաջինը այն է, որ անոնց երակներով հոսող արիւնը կը պարունակէ հայու ժառանգականութիւնը, դիմագիծն ու Հայաստան երկրի հարուստ պատմութիւնը: Եւ երկրորդ` երաժշտութիւնը, որ նոյնպէս ժառանգականօրէն կը միաւորէ: Մենք «կամուրջ կը կառուցենք» անցեալի ու ներկայի միջեւ, հայկական ժառանգութեան եւ համաշխարհային երաժշտութեան միջեւ, Հայաստանի ու «Եւրոտեսիլ»-ի միջեւ: Ասիկա պատմութեան ու երաժշտութեան ծագումնաբանութիւնն է` կենաց ծառը, որ ինչպէս կ՛երեւի տարբերանշանէն, ունի ամուր արմատներ եւ դէպի վեր ձգուող ճիւղեր, որոնք նման են իրար միացող մասնիկներու: Տարբերանշանի հեղինակը Հանրային հեռուստաընկերութեան ձեւաւորող Լուիզա Պետրոսեանն է:

Մասնակիցներու մասին

Մենք` հայերս, բազմաթիւ տաղանդաւոր արուեստագէտներ ունինք աշխարի մէջ սփռուած եւ ոեւէ հայ գիտէ «Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ» միասնութեան մասին: Գաղափարը իրականացնելու եւ մասնակիցները ընտրելու հիմնական դժուարութիւնը յստակ ուղղութիւն, յստակ աշխարհագրութիւն ընտրելու անհրաժեշտութիւնն էր: Սկսանք փնտռել շնորհալի, երիտասարդ եւ բարետես արուեստագէտներ: Սկզբնական ցուցակը բաւական մեծ էր, անիկա կը ներառէր մօտ 30 հոգի, բայց, քանի որ «Եւրոտեսիլ»-ի մէջ թոյլատրելի են միայն 6-ը, Հանրային հեռուստաընկերութիւնը կատարեց խիստ ընտրութիւն` հաշուի առնելով կենդանի երգելու անոնց կարողութիւնները, ոճային եւ ձայնային տարբերութիւններն ու առանձնայատկութիւնները:
Եւրոպա աշխարհամասէն ընտրեցինք Եսայի Ալթունեանը, քանի որ բացի գեղեցիկ ձայն ունենալէ, ան նաեւ որոշ չափով ճանչցուած էր Հայաստանի մէջ: Քանի մը տարի առաջ ան մասնակցած էր Հանրայինի երաժշտական նախագիծերէն մէկուն, նկարահանած Երեւանին նուիրուած տեսահոլովակ:
Ասիա աշխարհամասէն նոյնպէս շատ էին մասնակիցները, բայց Սթեֆանի Թօփալեանը մեզի համար կը բացայայտէր` իմ բացայայտումը, քանզի ոչ մէկը երբեւէ լսած էր անոր մասին Հայաստանի մէջ: Շատ դժուար էր զայն համացանցով գտնելը, բայց ճակատագիրը հրաշքներ կը գործէ: Ճափոնահայու հետաքրքիր դիմագիծերով եւ նուրբ ձայնով մեր հայրենակցուհին նոյնպէս միացաւ նախագիծին:
Ամերիկայի պարագային աւելի դիւրին էր մեր ընտրութիւնը, քանի որ այնտեղի հայ համայնքը շատ մեծ է եւ մենք որոշ չափով կը ճանչնանք բոլորը: Բացայայտումներ եղան Հարաւային Ամերիկայէն, բայց, ի վերջոյ, կանգ առինք նրբագեղ Թամար Գաբրելեան երգչուհիին վրայ, որ նոյնպէս ունէր որոշակի ժաղովրդականութիւն հայ երկրպագուներու շրջանակին մէջ, որոնք նոյնիսկ քանի մը տարի առաջ ընկերային ցանցերու մէջ աշխոյժ կը քննարկէին անոր անունը «Եւրոտեսիլ»-ի ծիրէն ներս:
Ափրիկէէն ընտրութիւնը այդքան ալ մեծ չէր, մասնաւորապէս Եթովպիայի եւ Եգիպտոսի մէջ հայերը հիմնուած են: Վահէ Թիլբեանը ընտրեցինք, որովհետեւ կենդանի երգելու փորձ ունի, հիմնականօրէն նուագախումբով հանդէս կու գայ, ինչպէս նաեւ մեծ հայրենասէր է եւ խանդավառ:
Աւստրալիոյ մէջ մենք ունինք աւագ սերունդի հրաշալի երգչուհի, մասնագէտ Արաքս Մանսուրեան,  ան ալ խորհուրդ տուաւ լսել իր աշակերտներէն մէկը` Մերի-ճինը: Այս ընտրութիւնը տեւեց ընդամէնը 1 րոպէ: Առանց երկար մտածելու համաձայնեցանք, որովհետեւ օփերային երգչուհիի այս հզօր ձայնը կը գերէ առաջին իսկ րոպէէն:
Խումբին մէջ չէր կրնար չըլլալ Հայաստանի Հանրապետութենէն ոեւէ մէկը, քանզի կամուրջը կը ստեղծուի նոյն Հայաստանի եւ «Եւրոտեսիլ»-ի միջեւ: Եւ ահա այն երգիչը, որ պիտի բացայայտուի տեսահոլովակի անդրանիկ ցուցադրութեան ժամանակ, կեդրոնն է, միացնող օղակը, մեր «ծագումնաբանութեան» ժառանգական կապը: Անոր ձայնը հզօր է եւ բազմաոճ, նոյնիսկ երգին մէջ ան կարծես կապող օղակն է 5 ձայներուն:
«Don’t deny» երգի եւ տեսահոլովակի մասին

Երգը նոյնպէս անցած է ներքին ընտրութեան փուլ: Մենք համագործակցած ենք բազմաթիւ հայ երգահաններու եւ խօսքերու հեղինակներու հետ: Ինծի յատկապէս այս տարի ուրախացուց այն հանգամանքը, որ նախորդ տարուան մեր եւրոտեսիլեան յաջողութենէն ետք ոգեւորութիւն կար եւ մեծ ցանկութիւն ստեղծելու յաղթական երգ մը: Հանրային հեռուստաընկերութեան ստեղծագործական խումբը ընտրութիւնը կանգ առաւ երգահան Արմէն Մարտիրոսեանի եւ խօսքերու հեղինակ Իննա Մկրտչեանի համատեղ աշխատանքի վրայ: Ասիկա այն երգն էր, որ ամէնէն շատ համահունչ էր 6 երգիչներուն, «Եւրոտեսիլ»-ի ձեւին եւ ցանկալի տրամադրութեան համար:
Որոշուեցաւ երգը եւ տեսահոլովակը միաժամանակ մատուցել հանդիսատեսին: Կը կարծենք, որ այդպէս երգը աւելի կը տպաւորէ եւ ըսելիքը աւելի ցայտուն կ՛ըլլայ: Երգը համամարդկային արժէքներու մասին է, իսկ ըսելիքը մէկն է. «Երջանկութիւնը կը ծնի, երբ մարդիկ միասնական ու դիւրին են իրարու հետ (ընտանիքին, սիրային եւ այլ յարաբերութիւններու մէջ):  Սերունդները կը փոխուին, բայց ծագումնաբանութիւնը` ոչ, ուստի սիրոյ ու համերաշխութեան արժէքները մնայուն են»:

 

Մասնակիցները կարճ ժամանակով այցելեցին Հայաստան, ձայնագրեցին երգը, նկարահաւեցան տեսահոլովակի մէջ, որուն բեմադրիչը Արէն Բայադեանն է: Ինչպէս նաեւ լուսանկարուեցան  քանի մը լուսանկարներու շարքեր` աշխատելով ոճաբան Արմէն Գալեանի հետ: Տեսահոլովակի անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 12-ին Առաջին ալիքի երեկոյեան եթերով՝ ժամը 21:30-ին Առաջին լրատուականի հիմնական թողարկումէն անմիջապէս ետք, ինչպէս նաեւ Եւրոտեսիլ երգի մրցոյթի պաշտօնական www.eurovision.tv կայքին մէջ:

«Եւրոտեսիլ-2015» երգի միջազգային մրցոյթը այս տարի տեղի կ՛ունենայ Վիէննայի մէջ Մայիս 19-ին, 21-ին եւ 23-ին` «Կառուցելով կամուրջներ» նշանաբանին տակ: Հաւատարիմ մնալով մրցոյթի այստարուան նշանաբանին, ոգեշնչուելով հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի խորհրդանիշ անմոռուկի գաղափարով, ինչպէս նաեւ առաջնորդուելով բազմաթիւ սփիւռքահայերու ցանկութեամբ, որոնք միշտ եղած են եւրոտեսիլեան մեր պատուիրակներու կողքին, հանրային հեռուստաընկերութեան ստեղծագործական խումբը որոշեց մրցոյթին ներկայացնել նոր ձեւաչափ: Կարեւորելով խաղաղութեան, միասնութեան եւ հանդուրժողականութեան գաղափարը` ստեղագործական խումբը որոշեց այս տարի համախմբել 1915-ին աշխարհի 5 մայր ցամաքներուն (Եւրոպա, Ասիա, Ամերիկա,Ափրիկէ, Աւստրալիա) սփռուած հայ ժողովուրդի նոր սերունդին: Խումբին մէջ ծագումով հայ 5 երգիչներ են, որոնք կը զուգակցուին անմոռուկի 5 թերթիկներու հետ, իսկ Հայաստանէն կը միանայ եւս մէկ մասնակից, որ կը համախմբէ թերթիկները:

Յատուկ մրցոյթին համար ձեւաւորուող խումբը կը կրէ «Genealogy» անուանումը` 6 արուեստագէտ, 6 ճակատագիր, 1 պատմութիւն: Երգին վերնագիրն է` «Don’t deny» («Մի՛ ժխտեր»՛):

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին