Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

«Էմմի»-ի Եռակի Դափնեկիրը Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Երաժշտական Ներկայացում Պիտի Բեմադրէ

«էմմի»-ի եռակի դափնեկիր, երաժշտահան Տենիզ Ճենտիլին եւ երգերու հանրայայտ հեղինակ Լիզա Նեմզոն «I Am Alive» անուանումով երաժշտական նեկայացում պիտի բեմադրեն` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը՝ վկայակոչելով KDVR-TV FOX Denver հեռատեսիլի կայքը:

Երաժշտական ներկայացումի հիմքին Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած Գուրգէն եւ Մալուին Խանճեաններու` Ճենտիլինի մեծհօր եւ մեծմօր 75-ամեայ սիրոյ պատմութիւնն է: «Իմ մեծհայրը` Գուրգէնը, 8 տարեկանին որբացած է: Անոր հայրը սպաննուած է Թուրքիոյ մէջ 1915 թուականին: Ընտանիքի միւս անդամներուն հետ անոր ուղարկած են, այսպէս կոչուած «մահուան երթի». սուրիական անապատով ոտքով երթ դէպի համակեդրոնացման ճամբարներ: Սակայն թուրքերէն մէկը խղճացած է անոր: ԱՆ փրկած է մեծհօրս եւ տեղաւորած որբանոցի մը մէջ: Անկէ ետք մեծհայրս այդպէս ալ չէ տեսած իր ընտանիքը: Մեծմայրս` Մալուին, նոյնպէս Թուրքիոյ մէջ  բնակած է: Անոր հօրը թունաւորած են, եւ քանի որ մայրը չէ կրցած պահել բոլոր քոյրերն ու եղբայրները, Մալուինին տուած է այլ ընտանիքի: Երբ հայերուն տեղահանած են Թուրքիայէն, Գուրգէնն ու Մալուինը յայտնուած են Յունաստանի փախստականներու ճամբարին մէջ,    ուր   ալ ծանօթացած են:

Երբ Մալին 14 տարեկան  եղած է, իսկ Գուրգէնը` 19, անոնք ամուսնացած են եւ միասին շուրջ 75 տարի ապրած» ,-armeniangenocide100.org-ի հաղորդմամբ` պատմած է Ճենտիլին:

Ճենտիլինիի խօսքով, ինք շատոնց գիտէր այդ պատմութիւնը, բայց հէնց այս տարի որոշեց խօսիլ այդ մասին:

«Ապրիլին կը նշուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը, եւ ես կը փափաքէի այդ պատմութիւնը  այլ կերպ ներկայացնել: Ներկայացումներ  բեմադրուած են, ֆիլմեր նկարահանուած, բայց ես երբեք չեմ լսած, որ երաժշտական ձեւով բեմադրուի: Ես կը հաւատամ, որ երաժշտութիւնը համընդհանուր լեզու է, այնպէս որ` նոյնիսկ անոնք, որոնք այդ իրադարձութիւններուն մասին որեւէ բան չեն գիտեր, կրնան հետաքրքրուիլ անով»,- նշած է երաժշտահանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին