Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Հոգեճաշ Ողբ. Կարպիս Նազարեանի Յիշատակին

Նորոգ հանգուցեալ ազգային բարերար Կարպիս Նազարեանի յիշատակին  հանար, աւագ եղբօր` Նազար Նազարեանի հրաւէրով տեղի ունեցաւ մասնաւոր հոգեճաշ մը, բարձր ներկայութեամբը Ամերիկայի Հայոց Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամանի։  Ծանօթ ազգայիններ, բարերարներ ու հասարակական դէմքեր ներկայ գտնուեցան Փետրուար 19, Հինգշաբթի կէսօրին Նիւ Ճըրզիի «Անահիտ» հայկական ճաշարանին մէջ տեղի ունեցող հոգեճաշին։

Առաւելաբար ողբացեալին ծանօթ ազգայիններ, որոնց բարեկամութիւնը եւ ընտանեկան յարաբերութիւնը կու գան անոնց հօրենական ծննդավայրէն` Այնթապէն ու Սուրիա-Լիբանանէն իրենց խորազգած ցաւակցութիւնները յայտնեցին ՀԲԸՄի պատասխանատու դէմքերէն եւ ազգային մեծ բարերարին Նազար Նազարեանին, ինչպէս նաեւ քրոջ անդարնիկ որդւոյն` Ալեքս Մարգարեանին։  Ընտանիքի միւս հարազատները կը գտնուէին Պէյրութ ներկայ ըլլալու համար թաղմանական կարգին ։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքով սկիզբ առած հոգեճաշին, Խաժակ Արքեպիսկոպոս տուաւ իր անձնական խոհերը ողբացեալին կեանքին բարեմասնութիւններուն մասին։  Ան անդրադարձաւ նաեւ Նազարեան ընտանիքին, տարիներու վրայ երկարող, բարերարութիւններուն ի պայծառութիւն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Նիւ Եորքի առաջնորդանիստ Ս. Վարդան Մայր Տաճարի, Թենըֆլայ, Նիւ Ճըրզիի Ս. Թովմաս Հայց. Եկեղեցւոյ եւ այլ եկեղեցական ու կրթական հաստատութիւններու։

Նազարեան ընտանիքի կեանքին ու հարազատներուն քաջածանօթ եւ Պրն. Յակոբ Վարդիվառեան ներկաներուն անունով Պարոն Նազարեանին փոխանցեց բոլորին ցաւակցութիւնները։  Ան վեր առաւ ողբացեալ Կարպիս Նազարեանին անսակարկ հայրենաիրութիւնն ու հաւատարմութիւնը Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ։  Անոր տասնամեակներու վրայ երկարող ծառայութիւններուն անդրադարձաւ լայն կերպով, որպէս վարչական պատասխանատու, միութենական, բարերար, հայ գիրքի ու թերթի առաքելութեան հաւատացող ու սրտցաւ ազգային մը։  Ան նաեւ մատնանշեց որ բարերարութեան եւ ազգային ծառայութեան ընտանեկան աւանդութիւնը արդէն փոխանցուած է Նազարեան ընտանիքի նոր սերունդին, վկայակոչելով զաւկին` Արթիւրին մասնակցութիւնը հայ եւ լիբանանեան ընկեարյին ու հասարակական կեանքին, որպէս պետական երեսփոխան թէ նախարար։  Նաեւ յիշեց իր մանկութեան ընկերոջ` Լեւոնին անշշուկ եւ անաղմուկ իրա´ւ բարերարութիւններուն մասին։

Այնուհետեւ, ներկաներուն շնորհակալութեան իր խօսքը ուղղեց Պրն. Նազար Նազարեան։  Հարազատներով շրջապատուած ըլլալու երջանկութիւնը ան յայտնեց, այս օրերուն, երբ վաղեմի բարեկամներ զինք ու իր ընտանիքի անդամները ջանացին ամոքելու իրենց խորուկ սուգը։  Թէեւ հեռու Լիբանանէն ան ցաւ յայտնեց որ առողջական պատճառներով չէր կրցած ներկայ գտնուիլ իր եղբօր թաղմանական կարգին, սակայն, միտքով, սրտով ու յիշատակներով մաս կը կազմէր այդ օր տխուր կարգին։

Ներկաները Նազար Նազարեանի արեւշատութեան մաղթանքներով անգամ մը եւս ցոյց տուին իրեն նկատմամբ եղած ամէ´ն յարգանք։

ԹՂԹԱԿԻՑ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին