Անցնող օրերուն սկիզբ առած բախումները շաբաթավերջին չդադրեցան Հալէպի հիւսիսային- գիւղական շրջաններուն մէջ: Նշենք, որ սուրիական բանակին եւ ընդդիմադիր Իսլամական Ճակատի ջոկատներուն միջեւ բախումները կեդրոնացած են յատկապէս Հանտարաթ աւանին մէջ:
Նախապէս ալ հաղորդած էինք, որ քաղաքի կեդրոնը գտնուող Պըսթան Գըլափ վաճառախանութներու շրջանը քանի մը օրէ ի վեր հրթիռակոծման թիրախ դարձած էր:
Արդարեւ, Շաբաթ օր շարունակուեցաւ հրթիռածոծումը: Թէեւ քանի մը հատը չպայթեցաւ յատկապէս թիլել շրջանի մուտքը (Պապ էլ-Ֆարաճի կողմէ), սակայն կէսօրուան Պըսթան Գըլափի շրջանի «Սանոսեաններու կառատունի տարածքը» դարձաւ հրթիռակոծման պայթումի թատերաբեմը:
Պայթումի հետեւանքով զոհուեցան 1970-ի ծնունդ Սագօ Գարակիւլլէեանը եւ 1981-ի ծնունդ Յարութ Ագսանեանը, իսկ վիրաւորներու կարգին կան նաեւ հայեր՝ Լեւոն Բարսեղեանը, Նազօ Ագսանեանը, Յովսէփ Չալօղլեանը, Աւօ Զարմինեանը եւ Ժագ Ասլանեանը: Այս մասին կը հաղորդէ «Բերիոյ նիւզ»-ը:
Պէտք է ըսել, թէ պայթումները նիւթական ծանր վնասներ պատճառեցին շրջանի ինքնաշարժներուն եւ խանութներուն։
Յայտնենք, որ Պըսթան Գըլափի շրջանի վաճառախանութներէն շատերը կը պատկանին հայերու: