Թուրքիոյ կառավարութիւնը յետս կոչած է Կալիբոլիի ճակատամարտի 100-ամեակը յառաջիկայ 24 Ապրիլին նշելու իր ծրագիրը:
Այս մասին գրած է թրքական «Զաման» պարբերականը: Թերթը, որ այս մասին զրուցած է թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը հետ նկատել տուած է, թէ կառավարութեան այս որոշումը կապուած է, այն խնդրին հետ, որ միջազգային հանրութիւնը բաւարար հետաքրքրութիւն չէ ցուցաբերած այդ հրաւէրին առնչութեամբ եւ շուրջ 100 երկիրներու նախագահ Էրտողանի կողմէ ուղղուած հրաւէրին ցարդ ընդառաջած են 5 պետութիւններ:
Թերթը նաեւ յիշեցուցած է, որ Էրտողան նոյն հրաւէրը ուղղած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ վերջինիս պատասխանը եղած է ժխտական: