Երկուշաբթի, 07. 10. 2024

spot_img

Սուրիահայութեան Դերակատարութիւնը Պահանջատիրական Գործընթացի Աշխատանքներուն Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Սուրիոյ կեդրոնական մարմինը կը տեղեկացնէ.

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Սուրիոյ Կեդրոնական Մարմնին հրաւէրով, Երկուշաբթի, 9 Փետրուար 2015-ին, Հալէպի Ս.Աստուածածին Եկեղեցւոյ ժողովասրահէն ներս տեղի ունեցաւ՝ Հալէպի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող մարմնին առաջին նիստը, նախագահութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ . Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանի, մասնակցութեամբ՝ հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն:

Սրբազան հայրը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Պետական Յանձնաժողովին հրատարակած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Համահայկական Հռչակագրին եւ շեշտեց Հայ Դատի ու պահանջատիրական գործընթացի աշխատանքներուն մէջ սուրիահայութեան կարեւոր դերակատարութիւնը, հակառակ Սուրիոյ պատերազմական բարդ կացութեան:

Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան լուսարձակի տակ առաւ՝ Սուրիոյ մակարդակով կայանալիք Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները:

Այնուհետեւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն թելադրուեցաւ՝ ապրիլեան ձեռնարկներու ընթացքին Անմորուկ ծաղիկը որդեգրել որպէս պաշտօնական նշանակ:

Աւարտին սրբազան հօր եւ վերապատուելիին ներկայութեամբ ընտրուեցաւ Հալէպի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկները համակարգող մարմնին դիւանը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին