Հայոց Պատմութեան էջերը լեցուն են հայրենասիրական եւ հայրենապաշտպանական դիւցազներգութիւններով ու մարտերով, սակայն բոլորին մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ Աւարայրի Ճակատամարտը:
Այսօր աւելի եւս շեշտուած է Աւարայրէն քաղելիք մեր դասերը, երբ Հայրենիքը կը դատարկուի իր երիտասարդութենէն իսկ անոր սահմանները թշնամիին լուրջ սպառնալիքին տակ կը գտնուին: Հայրենիքի գոյատեւման սպառնացող վտանգի այս օրերը նման են 5-րդ դարուն Վարդան Մամիկոնեանին եւ իր ընկերներուն մղած մեծ գոյամարտին:
Աւարայրի ճակատամարտէն դարեր ետք այսօր ատենն է այլեւս շրջանցել՝ Վարդան Մամիկոնեանի քրիստոնէական նահատակի աւանդական պատկերացումը եւ գրել անոր Հայ զօրականի, քաղաքական գործիչի եւ մեծ մարդու կենդանի խառնուածքին մասին:
Հայոց երկրի սպարապետը՝ բռնութեան եւ օտար մշակոյթի տարածման դէմ ապստամբութեան ուխտի մասնակիցներուն գլխաւորողը, կը հանդիսանայ քաջութեան, արիութեան եւ հայրենասիրութեան այնքան ուսանելի, փայլուն ու վեհ օրինակ մը:
Հայ աշակերտին եւ երիտասարդութեան համար այսօր՝
Վարդանը իր անձնաւորութեամբ անշահախնդիր կենդանի հայրենասիրութիւնը կը մարմնաւորէ, իսկ Հայրենիքի պաշտպանութեան համար մարտնչողներուն խրախոյս:
Վարդան Մամիկոնեան խորապէս համոզուած իր գլխաւորած ապստամբութեան իրաւացիութեան մէջ, կենաց մահու կռուի ելած էր որպէս հերոս եւ այդպէս ալ ինկաւ պատերազմի դաշտին վրայ հերոսի մահով, անմահութեան փառքով պսակելով իր անունը: Հայոց երկրին ու ժողովուրդին հանդէպ անսահման էր անոր սէրը, իսկ երազը՝ ազատուիլ օտար լուծէն եւ Հայրենիքին պարգեւել ինքնուրոյն ու ինքնիշխան ազատ եւ խաղաղ կեանք: Ան կռուեցաւ ոչ թէ ղեկավարի փառք եւ պատիւ ձեռք բերելու, ինչպէս մերօրեայ կարգ մը այսպէս կոչուած ղեկավարները ամէն օր կը կռուին, այլ՝ վեհ գաղափարի մը համար:
Հայոց սպարապետը գիտէր, որ կրօնքի հարցը միայն շարժառիթ էր եւ խորամանկօրէն հիւսուած որոգայթ, որ կը սպառնար ամէնէն առաջ հայոց աշխարհի ինքնուրոյնութեան եւ գոյատեւումին, հետեւաբար՝ Հայ Մշակոյթի ապագային:
Վեհ էին Վարդանի իտէալները, զգացումներն ու գաղափարները:
Վարդանանցի շնորհիւ է, որ դարեր շարունակ Հայ ժողովուրդի զաւակները գիտակից եղած են հայրենի հողի գինին: Որքան ուսանելի է Վարդանի օրինակը այսօր, երբ Հայրենիքի սահմանները պաշտպանող Հայոց բանակի քաջարի զինուորները Վարդանի եւ իր ընկերներուն ոգիով պատրաստ են պաշտպանել Հայաստանի ու Արցախի հայոց հողը՝ նենգ թշնամիին ամենօրեայ ոտնձգութիւններէն եւ յարձակումներէն:
Այս չ՞է արդեօք Վարդանանցի խորհուրդով Ապրիլը:
Խմբագրական «ԶԱՐԹՕՆՔ»ի
12 Փետրուար 2015