Հինգշաբթի, 17. 04. 2025

spot_img

Սահմանագիծին Վրայ Ազրպէյճանը Ունեցած Է 3 Զոհ Եւ 2 Վիրաւոր ԼՂՀ ՊԲ-ը Կորուստներ Չունի

Պաշտպանութեան բանակի տուեալներուն համաձայն, Յունուար 24-էն 25 ինկած ժամանակահատուածին, ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծին վրայ, հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտուած է մօտ 800 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 60 մմ. ականանետերէ /79 արկ/ եւ ՌՊԳ /21/ ու ԱԳՍ /18/ տիպի նռնականետերէ՝ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 14000 կրակոց:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ԼՂՀ  ՊՆ  մամուլի ծառայութիւնը, ՊԲ յառաջապահ ստորաբաժանումները դիմած են պատասխան գործողութիւններու, որոնց արդիւնքով հակառակորդը ունեցած է 3 զոհ եւ 2 վիրաւոր: ՊԲ-ը կորուստներ չունի:
ՊԲ յառաջապահ զօրամասերը շփման գիծի ամբողջ երկայնքով կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին