Փարիզի մէջ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի կազմակերպած ամէնամեայ ընթրիքին, որ տեղի պիտի ունենայ Յունուար 28-ին, ներկայ պիտի ըլլայ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ:
Ինչպէս կը գրէ «Nouvelles d’Armenie» ամսագիրը, ձեռնարկի ընթացքին պիտի մեկնարկէ «2015. Ցեղասպանութեան 100-ամեակ»ի ծրագիրը: