Մանուէլ Քըրքեաշարեանի ընտանիքին Ատանայէն դուրս գալէն ուղիղ 100 տարի անցած է: Այժմ՝ նոյնիսկ ոսկորները վաճառուած հայերու կողքին կանգնելու ժամանակն է: Սակայն ցեղասպանի մտածելակերպը նոյնիսկ մէկ յետքայլ չ՛ըներ, թրքական «Zete» լրատուական կայքին մէջ գրած է ազգութեամբ քիւրտ Իրֆան Աքթանը:
«Tert.am»-ը յօդուածը կը ներկայացնէ մասնակի կրճատումներով.
“1906 թուականի Մարտ 6-ին Ատանա ծնած Մանուէլ Քըրքեաշարեանը, 1915-ին ընտանիքին եւ շրջանի այլ հայերու հետ կը տեղահանուի:
“Մահուան ճանապարհին մայրը` Մարիամը, իր աչքերուն առաջ գետը կը նետուի եւ անձնասպան կ՛ըլլայ: Երկու օր ետք, երբ կէս գիշերին կ՛արթննայ, հօրը` Ստեփան, սովէն եւ յոգնութենէն մահացած կը գտնէ:
“Դեռ 9 տարեկան Մանուէլը մինչեւ 17-18 տարեկան քրտական գիւղերուն մէջ աշխատելով կը փորձէ ողջ մնալ: Մահերու, բռնաբարութիւններու, կողոպուտներու եւ թալանի ականատես կ՛ըլլայ:
“Ոչ վատ (անոնց դժուար է լաւ անուանել) մարդոց ալ կը հանդիպի Մանուէլը: Երբեմն կ՛ըլլան մարդիկ, որոնք անոր հաց կու տան, երբեմն ալ “տէրերը” կը սպառնան սպաննել:
“Քիւրտիստանի գիւղերուն մէջ տեղէ տեղ գացող Մանուէլը վերջապէս կը յայտնուի քրիստոնէաբնակ գիւղ մը, ուրկէ քալելով կը հասնի Մոսուլ: 1924 թուականին Մանուէլը կը հասնի Հալէպ, ուր նախ կը գտնէ մօրաքոյրը, յետոյ կը տեղեկանայ, որ քոյրերէն մէկը ԱՄՆ է, իսկ միւսը Կիպրոս:
“Հալէպէն մօրաքոյրը զինք Կիպրոս` քրոջ մօտ կ՛ուղարկէ: Այնտեղ Մանուէլը վերջապէս կը գտնէ իրենց մօտ հարեւանի դուստրը` Զարուհին, որուն հետ ալ կ՛ամուսնանայ եւ տարիներ անց, երախաներուն հետ կը տեղափոխուին Աւստրալիա:
“Երկար տարիներ աշխատելէ ետք, 74 տարեկանին ան կը փակուի սենեակ մը եւ ցած ձայնով կը ձայնագրէ Ցեղասպանութեան ընթացքին իր տեսածները` ընտանիքի անդամներէն պահանջելով զայն լսել միայն իր մահէն ետք:
“Մանուէլը կ՛այցելէ նաեւ Քալիֆորնիա գտնուող քրոջը՝ Սիրուհիին:
“Մինչեւ մահը` 1997 թուականը, առողջ կեանք ունեցած Մանուէլը սակայն, ամէն գիշեր ժամը 2-ին քրտնած ու վախցած կ՛արթննայ երազէն: Ատիկա այն նոյն ժամն էր, երբ 9 տարեկանին իր կողքին մահացած գտած էր հայրը:
“Մանուէլի մահէն ետք որդին` Ստեփանը, ձայնագրութիւնները կը հասցնէ Պասքըն Օրալին, որ գիրքի կը վերածէ զայն:
“Հայերու ոսկորները
“Քըրքեաշարեանի պատմութեան երեւի ամենազզուելի միջադէպը տեղի կ՛ունենայ Հալէպի մէջ, երբ գերբեռնուած բեռնատար մը կը տեսնէ ու երբ կը հարցնէ, թէ ինչ կը տեղափոխէ ան եւ ծանր չէ՞ արդեօք բեռը, կը պատասխանեն, որ անոնք Տէր Զօրի անապատներէն բերուած ոսկորներ են, որ եւրոպական ընկերութիւն մը պիտի գնէ զանոնք՝ օճառի վերածելու:
“Ցեղասպանութեան յիշատակումն ու Չանաքքալէի յաղթանակը
“Ատանայէն Քըրքաշարեան ընտանիքի դուրս գալէն ուղիղ 100 տարի անցած է: Սակայն ցեղասպանի ինքնութիւնը յետքայլ չ՛ըներ: Նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան Ապրիլ 24 ամսաթիւը (Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը) շրջանցելու համար, Չանաքքալէի ձեռնարկը նախաձեռնած է եւ 102 առաջնորդներու հրաւիրելով, իր կարծիքով` Ցեղասպանութիւնը յիշատակելու ազդեցութիւնը պիտի կոտրէ:
“Լուսանկարիչ Արա Կիւլերի` Ցեղասպանութեան մասին պատմող Ֆաթիհ Աքընի ֆիլմի անդրանիկ ներկայացման ժամանակ ըսածը պէտք է ականջի օղ ընենք. «Կեցցէ՛ պատմութիւնը”, ըսած էր ան: Պատմութիւնը կ՛ապրի, պիտի ապրի: Այդ պատճառով ալ Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցին “Ակօս”-ի մօտ փակցուած պաստառներուն կոչը, անիծուած պատմութենէն կտրուելով դէմ յանդիման գալու կոչ էր”: