Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Նոր Նահատակ Մը Ինկաւ Հայաստան – Ազրպէյճան Սահմանագիծին Վրայ

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան երէկ յայտարարած է, որ հակառակորդը լարուած պահած է Տաւուշի շրջանը, ուր փորձած է ներթափանցման փորձ կատարել:  Յովհաննիսեան նաեւ ըսած է, որ հայկական կողմը     կասեցուցած եւ ետ մղած է  թշնամին : Ըստ Յովհաննիսեան անցնող մի քանի օրերուն ազրպէյճանական  կողմը   տուած է  5 էն-6     զոհ, որոնցմէ երկուքը սպաննուած են կոխելով ականի մը վրայ: 

Նոյն ուղղութեամբ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ՀՀ ՊՆ N զօրամասի մարտական յենակէտին մէջ, հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտելու հետեւանքով ստացած հրազէնային վնասուածքներէ զոհուած է պայմանագրային զինծառայող Արման Ուտումեանը:

Ըստ «Արմէնփրես»ի՝ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արման Ուտումեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին